image
Հրատապ լուրեր:

«Աստղերու հաւատքով» արեւմտահայերէն թատերախաղը կը վերադառնայ բեմ՝ աւելի նորացուած տարբերակով

«Աստղերու հաւատքով» արեւմտահայերէն թատերախաղը կը վերադառնայ բեմ՝ աւելի նորացուած տարբերակով

Բոլոր անոնք, որոնք կ՚ուզեն հաղորդակից դառնալ արեւմտահայերէնի հմայքին եւ բանաստեղծական խորունկ ապրումներուն, յունիս 12-ին առիթը ունին վերապրելու այս նորացուած ու թատերական բարձր արուեստով յագեցած ներկայացումը։ Հանդիպում մը լեզուի, յիշողութեան, ինքնութեան եւ այն հաւատքին հետ, որ մշակոյթն ու բանաստեղծութիւնը դեռ կը շարունակեն լուսաւորել մարդուն ճամբան՝ աստղերու հաւատքով։

Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնը շուտով հանդիսատեսին կը ներկայացնէ «Աստղերու հաւատքով» բանաստեղծական թատերախաղի աւելի նորացուած ու թարմացուած տարբերակը։ Ասիկա հայաստանեան բեմին վրայ արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու հիման վրայ գրուած առաջին թատերախաղն է, որ իր առաջին ցուցադրութեան իսկ արժանացած էր հանդիսատեսի ջերմ ընդունելութեան եւ մեծ արձագանգ ձգած։

Ներկայացման հիմքը սփիւռքահայ ժամանակակից բանաստեղծ, հասարակական-քաղաքական գործիչ Վիգէն Յովսէփեանի (ԱՄՆ) «Աստղերու հաւատքով» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն է, որ լոյս տեսած է 2023-ին։ Գիրքը, որ մեծ յաջողութիւն գտած էր ինչպէս Սփիւռքի, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ, բեմական կեանք ստացաւ դրամայի ժանրով՝ վերածուելով ինքնատիպ պոետիկ ներկայացման մը։ Յատկանշական է, որ թատերախաղն արդէն իսկ ներկայացուած է նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ եւ արժանացած տեղի հանդիսատեսի ջերմագին ընդունելութեան։

Թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, մրցանակակիր դերասանուհի եւ բեմադրիչ Նարինէ Գրիգորեան վստահ է, որ այս ներկայացումը տակաւին երկար կեանք պիտի ունենայ։ Բեմադրութիւնը առանձնակի փայլ կը ստանայ ինչպէս բեմադրութեամբ, այնպէս ալ՝ կիրարկուած տեսողական ինքնատիպ հնարքներու եւ ձեւաւորման միջոցներով, որոնց հեղինակը անուանի բեմանկարիչ Վիկտորիա Ռիեդօ-Յովհաննիսեանն է։

«Աստղերու հաւատքով»-ը առիթ մըն է վայելելու արեւմտահայերէն խօսքի անզուգական երաժշտութիւնն ու հնչերանգը։ Այն կը բանայ բանաստեղծին ներաշխարհը՝ զգայուն, տրոփող, շշուկներով ու ստուերներով լեցուն... ու լի երազանքներով, որոնք կը սպասեն լարուած ու ցաւագին։

Այդ աշխարհը հարուստ է ապրումներով, կարօտով, հաւատքով ու յուշերով՝ պատերազմի, սիրոյ, մօր խրատներուն եւ հայրենիքի մասին։ Ամէն մէկ յուշ իր վառ գոյնն ու հետքը ձգած է բանաստեղծի հոգիին մէջ՝ ծովուն կապոյտը, արեան կարմիրը, գրիչին թանաքագոյնը, խալիի թելերուն գոյնզգոյնը... Այս ամբողջ ներկապնակը հիմա խտացած ու դարձած է համատարած սպասում՝ երազանքի սպասում։

Այսօր, երբ արեւմտահայերէնը բազմաթիւ սփիւռքեան համայնքներու մէջ նահանջի վտանգներու առջեւ կանգնած է, նման մշակութային նախաձեռնութիւններ կը ստանան աւելի լայն եւ խոր իմաստ։ Այսպիսի բեմադրութիւնները ձեւով մը նաեւ լեզուական ու մշակութային դիմադրութեան արարքներ կը դառնան։ Բեմը կը վերածուի այն եզակի տարածքներէն մէկուն, ուր արեւմտահայերէնը կը շնչէ, կը հնչէ, կը զգացուի եւ կը հաղորդուի նոր սերունդներուն։

«Աստղերու հաւատքով»-ը նաեւ յիշեցում մըն է բանաստեղծութեան անփոխարինելի դերակատարութեան մասին։ Արագացող, աղմկոտ եւ թուային ազդակներով գերբեռնուած մեր ժամանակներուն, երբ առօրեան յաճախ լեցուած է վերջ չունեցող համացանցային լուրերով, կարճատեւ տեղեկատուական հոսքերով եւ անընդհատ շեղումներով, բանաստեղծութիւնը մարդուն կը պարգեւէ դադարի, խորհրդածութեան եւ ներքին լռութեան հազուագիւտ պահեր։ Բանաստեղծութիւնն է, որ կը կտրէ առօրեայի մեքենական ընթացքէն եւ կը վերադարձնէ մեր զգացումներուն, յիշողութիւններուն ու երազներուն։ Բանաստեղծական խօսքը, մանաւանդ երբ կը մարմնաւորուի բեմին վրայ, կը վերածուի հոգեւոր ապաստանի մը, ուր մարդը կրնայ վերագտնել ինքն իրեն եւ լսել այն ձայները, որոնք կորսուած կ՚ըլլան օրուան աղմուկին մէջ։

Բանաստեղծի պոռթկումներուն, յոյզերուն, հիասթափութիւններուն ու բացայայտումներուն փունջը բեմին վրայ կենդանի շունչով պիտի փոխանցեն Համազգային թատրոնի տաղանդաւոր դերասանները՝ Տաթեւիկ Ղազարեանը, Նարեկ Բաղդասարեանը, Միլենա Ղազարեանը, Յարութիւն Սարգսեանը եւ Անդրանիկ Միքայէլեանը։

Բոլոր անոնք, որոնք կ՚ուզեն հաղորդակից դառնալ արեւմտահայերէնի հմայքին եւ բանաստեղծական խորունկ ապրումներուն, յունիս 12-ին առիթը ունին վերապրելու այս նորացուած ու թատերական բարձր արուեստով յագեցած ներկայացումը։ Հանդիպում մը լեզուի, յիշողութեան, ինքնութեան եւ այն հաւատքին հետ, որ մշակոյթն ու բանաստեղծութիւնը դեռ կը շարունակեն լուսաւորել մարդուն ճամբան՝ աստղերու հաւատքով։