Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամ՝ «Ժտէյտէ» մասնաճիւղի էջէն կը կարդանք՝
Խոր վշտով եւ սրտի անսահման կսկիծով Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ժտէյտէ»ի մասնաճիւղի ընտանիքը կը յայտարարէ իր սիրելի սկաուտներէն, Մոկլի վոհմակի անդամ եղբայր Ալեքս Պոյնէրեանի անժամանակ մահը։ Ան իր կեանքին կարճ տարիներուն ընթացքին սիրուած ընկեր, նուիրեալ սկաուտ եւ պայծառ ներկայութիւն էր իր շրջապատին մէջ։ Այս ծանր կորուստին առիթով մասնաճիւղը իր խորազգած ցաւակցութիւնները կը փոխանցէ հանգուցեալի ընտանիքին, հարազատներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ճանչցած ու սիրած էին զինք։
Մոմ եւ խունկ՝ իր անմոռանալի յիշատակին։