image

Աստուծոյ շնորհքով՝ դոկտորական աստիճանի. Հոգշ. Տ. Պարոյր ծ. Վրդ. Շէրնէզեանի ակադեմական յաղթանակը

Աստուծոյ շնորհքով՝ դոկտորական աստիճանի. Հոգշ. Տ. Պարոյր ծ. Վրդ. Շէրնէզեանի ակադեմական յաղթանակը

Տուեալ ձեռքբերումը միայն ակադեմական յաջողութեան մը նշան չէ, այլ վկայութիւն մըն ՝ Աստուծոյ առաջնորդող ձեռքին ու շնորհքին։
Երբեմն մարդկային տկարութիւնը մեզ կը մղէ յուսահատութեան, սակայն հաւատքն ու համբերութիւնը կը բանան նոր ճանապարհներ։
Այս դոկտորական աստիճանը նաեւ պատասխանատուութիւն մըն է՝ ծառայելու Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին սիրով ու նուիրումով։

Այս բոլորը կը ներկայացնենք մասնաւորապէս  կիսելու համար յաջողութեան բարի լուրը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն՝  Հոգշ. Տ. Պարոյր ծ. Վրդ. Շէրնէզեանի  մասին։

Հայր Սուրբը վերջերս աւարտած է ԱՄՆ «Ֆորտհամ» համալսարանի դասընթացքները եւ ստացած  արժանի՝ դոկոտորական կոչում։

Ստորեւ այդ մասին Հայր Պարոյրի սրտառուչ  գրառումը՝

Չեմ կարծեր, թէ երբեւէ կրնամ բաւարար կերպով շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ, որ զիս արժանի նկատեց այս օրուան։ Մանաւանդ երբ կը յիշեմ, թէ շատ երիտասարդ տարիքիս ժամանակ անգամ մը մտածած էի ուսումը կիսատ ձգելու մասին։ Սակայն Աստուծոյ շնորհքով այսօր կը կանգնիմ այստեղ՝ «Ֆորտհամ» համալսարանէն դոկտորական աստիճան ստացած։

Աղօթքս է, որ այս ձեռքբերումը ծառայէ Աստուծոյ փառքին եւ այն Եկեղեցւոյ, որուն նուիրած եմ կեանքս, եւ ոչ թէ անձնական փառքի կամ ճանաչման համար։

Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք այս հինգ տարիներու ընթացքին ինծի աջակցեցան, քաջալերեցին եւ ուղեկցեցան այս ճանապարհին վրայ։

Կ՚աղօթեմ, որ իմ հետագայ ծառայութեամբ եւ հոգեւոր առաքելութեամբ արժանի ըլլամ այս օրուան օրհնութեան եւ կարենամ ստացածս ի գործ դնել ուրիշներու բարիքին ու Աստուծոյ փառքին համար։