Այսօր յետմիջօրէին Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան աշխարհատարած մարմնի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչներ միասնաբար բարձրացան Եռաբլուր` յարգելու համար արցախեան պատերազմի ընթացքին նահատակուածներու յիշատակը։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Երեւանի իր թղթակիցէն։
Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց որ յարգանքի տուրքին իրենց մասնակցութիւնը բերին օրերս Հայաստան գտնուող ՀԲԸՄի նախագահ Պերճ Սեդրակեան։
Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Բարեգործականի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Վազգէն Եագուպեան, բարեգործականի անդամ՝ Գաբրիէլ Չեմպերճեան, ինչպէս նաեւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի կողմէ ներկայացուցիչ միաբաններ, գլխաւորութեամբ՝ Տէր Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի։
Ներկաները միասնաբար բարձրացան դէպի Եռաբլուրի յուշակոթող, ուր ծաղիկներ խոնարհեցին զոհուածներու յիշատակին, որմէ ետք անոնք նոյնպէս ծաղիկներ խոնարհեցին նահատակուածներու շիրիմներուն։
Պահը աւելի յուզիչ դարձաւ, երբ հայորդեաց տան սաները ազգային երգեր կատարեցին եւ կարծէք ներկաներուն ձեւով մը ըսելով, որ նահատակներու կիսատ թողած գործը անոնցմէ իւչաքանչիւրը իր ճանապարհով պիտի շարունակէ։
Յիշեցնենք նաեւ, որ մեր թղթակիցը կարճ զրոյց մը ունեցաւ ՀԲԸՄ նախագահ՝ Պերճ Սեդրակեանի հետ, որ մասնաւորապէս նշեց, որ յառաջիկայ օրերուն Մայր Աթոռի գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ միասնաբար պիտի մեկնին Արցախ, մօտէն ծանօթանալու համար Արցախի մեր ժողովուրդի կարիքներուն։ Սեդրակեան նաեւ ըսաւ՝ «ճիշդ է որ պահը ծանր է, սակայն մենք որոշած ենք ամէն գնով զօրավիգ կանգնիլ Հայաստանին ու այդ առումով շարունակել մեր գործունէութիւնը եւ նեցուկը մեր ժողովուրդին»։
Սեդրակեան ըսաւ թէ Բարեգործականը ինչպէս աւանդականօրէն իր պատմութեան ընթացքին, միշտ հայրենիքին կողքին կեցած է եւ հայրենիքին ցաւերն ու ուրախութիւնները բաժնած: Սեդրակեան նշեց, թէ «լաւատես ենք այն յոյսով, որ մեր երկիրը կրկին պիտի շարունակէ իր պայքարը եւ մեր իրաւունքները պիտի ապահովենք իբր ժողվուրդ, իբր ազգ եւ իբր հայրենիք»։





