Եւրոպական Միութիւնը կը պատրաստուի արտակարգ առեւտրական միջոցառումներ կիրարկելու Հայաստանի նկատմամբ՝ մեղմացնելու համար վերջին շաբաթներուն Ռուսիոյ կողմէ սահմանուած ներմուծման սահմանափակումներուն ազդեցութիւնը։ Այս մասին կը գրէ Financial Times-ը՝ յղում կատարելով ծրագիրներուն ծանօթ չորս աղբիւրներու։
FT-ի հաղորդմամբ՝ Եւրոպական յանձնաժողովը կը մշակէ այսպէս կոչուած «ինքնավար առեւտրային միջոցառումներ» (autonomous trade measures), որոնք պիտի նուազեցնեն մաքսատուրքերը հայկական սննդամթերքի եւ գիւղատնտեսական արտադրանքի շարք մը տեսակներու համար։ Պրիւքսէլի մէջ կը կարծեն, որ ռուսական սահմանափակումներուն նպատակը Հայաստանի «արեւմտամէտ իշխանութիւններուն» վրայ ճնշում բանեցնելն էր՝ Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ։
Միջոցառումները տակաւին պէտք է հաստատուին ԵՄ անդամ պետութիւններու մեծամասնութեան եւ Եւրոպական Խորհրդարանի կողմէ։ FT-ի աղբիւրներուն համաձայն՝ անոնք կրնան ընդգրկել այն մօտ 20 ապրանքային խումբերէն մեծ մասը, որոնց նկատմամբ Ռուսիան սահմանափակումներ կիրառած է։ Այդ ապրանքներու տարեկան արտածման ծաւալը կը գնահատուի շուրջ 420 միլիոն եւրօ (մօտ 485 միլիոն տոլար)։
Եւրոպական յանձնաժողովի բանբեր Օլոֆ Կիլ թերթին յայտնած է, որ Յանձնաժողովը «պիտի առաջարկէ ինքնավար առեւտրային միջոցառումներ՝ օգնելու աւելի շատ հայկական ձեռնարկութիւններու մուտք գործել ԵՄ շուկայ եւ աջակցելու երկրի տնտեսութեան այն ճիւղերուն, որոնք ամէնէն աւելի վնաս կրած են»։
FT-ն նշած է, որ Ռուսիան նախ սահմանափակած է հայկական ծաղիկներու ներմուծումը՝ յղում կատարելով բուսասանիտարական խնդիրներու, ապա արգելքները տարածուած են նաեւ ծիրանի, հանքային ջուրի, գինիի, քոնեաքի, միրգերու, բանջարեղէնի եւ ձկան վրայ։
Հրապարակման համաձայն՝ ընտրութիւններէն երեք օր առաջ Եւրոպական Միութիւնը յայտարարած էր 50 միլիոն եւրոյի (մօտ 58 միլիոն տոլար) աջակցութեան ծրարի մասին, որ պէտք է օգնէր ձեռք բերելու այն ծաղիկներն ու այլ ապրանքները, որոնք նախապէս կ՚արտահանուէին Ռուսիա։