Սագօ Գասապեան կը գրէ.
Հայ Ազատագրական Շարժման խորհրդանիշ ընկեր Վահան Փափազեան՝ ԿՈՄՍ, «ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆԻ ԱՐԾԻՒ»ը կը նուիրէ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանին, որ ուրախութեամբ զայն կը կրէ անմիջապէս:
ՀՀ ԳԱԱ ակադեմիկոս՝ Սիլվա Կապուտիկեան ծնած էր 1919-ին: Ան դուստրն էր արմատներով Վանեցի, Ա. Աշխարհամարտին Արեւելահայաստան գաղթած Բարունակ Կապուտիկեանի, որուն ծանօթ էր Կոմսն ու իր ընկերները, եւ որուն մասին յառաջիկային պիտի անդրադառնամ:
Լուսանկարը առնուած է 1962-ին, երբ վաստակաւոր բանաստեղծուհին Միջին Արեւելքի հայ գաղութներ այցելութեան ծիրէն ներս, առաջին անգամ ըլլալով այցելած էր նաեւ Լիբանան: