image
Հրատապ լուրեր:

Հօր երազին պահապանը․ Տիկին Սոնիա Կարմիրեան Զավզավաթճեանի յիշատակին

Հօր երազին պահապանը․ Տիկին Սոնիա Կարմիրեան Զավզավաթճեանի յիշատակին

Մայրս չկայ արդէն աւելի քան 12 տարի, բայց վստահ եմ այսօր ուրախ է, որ ինչ որ ձեւով կը փորձեմ անդրադառնալ Տիկին Սոնիայի յիշատակին, ընթերցողներուս փոխանցել իր յարգանքն ու համակրանքը հանդէպ Տիկին Սոնիային։

Դոկտ. Արա Սանճեանի  գրիչէն կը կարդանք՝ 

Հանգուցեալ Տիկին Սոնիան զաւակներէն էր Լիբանանի մէջ ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի բարերարներ Գէորգ ու Մարիժան Կարմիրեաններուն։ Այս դպրոցն այժմ միաւորուած է Պէյրութի եւ շրջակայքի ՀԲԸՄ-ի միւս նախկին վարժարաններուն հետ։ Միացեալ դպրոցը՝ ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ անունով, կը գործէ այն շէնքին մէջ, ուր ատենօք Կարմիրեան վարժարանն էր, ուր ես աշակերտած եմ 1976-1980 թուականներուն եւ ուր մայրս մանկապարտէզի բաժնի վարիչն էր մօտ 20-25 տարի (եթէ ճիշդ կը յիշեմ՝ 24)։

Ի համեմատութիւն Լիբանանի մէջ ՀԲԸՄ-ի միւս վարժարաններու բարերար ընտանիքներուն՝ Տէմիրճեաններուն ու Նազարեաններուն, Կարմիրեաններուն նիւթական կարողութիւնն աւելի համեստ էր։ Կը պատմէին թէ բարերար Գէորգ Կարմիրեան դպրոց մը կառուցելու ձեռնարկած էր՝ իրականացնելու համար յանձնառութիւն մը, որ ան տարիներ առաջ՝ մանուկ հասակին, վերցուցած էր ինքն իր վրայ։ Օր մը զինք դպրոցէն տուն ուղարկած են՝ ուսման վարձը վճարած չըլլալուն համար։ Դէպի տուն ճանապարհին, ան որոշած էր թէ անմիջապէս երբ կարենար, ինք դպրոց մը պիտի հաստատէր։ Ի վերջոյ, տասնամեակներ ետք, ան դարձած էր յաջողակ ճարտարապետ ու 1970-ականներու սկիզբը կրցած էր «լուծել իր վրէժը» զինք դպրոցէն տուն ուղարկողէն։

Սփիւռքի մէջ դպրոցներ կառուցած շատ բարերարներ եւ անոնց ժառանգները, նոյնիսկ՝ դպրոցին գործել սկսելէն ետք, սովորաբար կը ստիպուին պարբերաբար շարունակել օգնել անոր, որպէսզի վերջինս կարենայ հաւասարակշռել իր պիւտճէն, կամ դպրոցին առնչուող որեւէ անհրաժեշտ վերանորոգման կամ նորամուծութեան համար։ Իր ծնողներուն մահէն ետք, Տիկին Սոնիան՝ ծանօթներու նեղ շրջանակի մէջ անհատական զրոյցներու ժամանակ, որոշ թախիծով կը խոստովանէր թէ միայն համե՛ստ չափով կրնար շարունակել օժանդակել դպրոցին։ Սակայն, փոխարէնը ան կը փորձէր իր կապուածութիւնն արտայայտել մի՛շտ մօտէն հետեւելով իր հօր ստեղծած դպրոցի գործունէութեան, կանոնաւորաբար ներկայ ըլլալով դպրոցին պաշտօնէութեան եւ ուսուցչական կազմի տօնական բնոյթ ունեցող հաւաքներուն, անոնց, յատկապէս՝ ուսուցչական կազմի «երկարաբնակներուն» հետ պահելով ջերմ ու սիրալիր անձնական կապեր։ Այդ ծիրէն ներս է, որ փոխադարձ յարգանքի մշտական կապ մը գոյացած էր բարերարի դուստր Տիկին Սոնիային ու երկարամեայ վարիչ մանկապարտիզպանուհի մօրս միջեւ։ Զիրենք կը մէկտեղէր սէրն ու նուիրուածութիւնը հանդէպ Կարմիրեան վարժարանին։ 

Մայրս չկայ արդէն աւելի քան 12 տարի, բայց վստահ եմ այսօր ուրախ է, որ ինչ որ ձեւով կը փորձեմ անդրադառնալ Տիկին Սոնիայի յիշատակին, ընթերցողներուս փոխանցել իր յարգանքն ու համակրանքը հանդէպ Տիկին Սոնիային։