image

Տոմինկօ Հինտոյեան՝ Լոս Անճելըսի փերայի երաժշտական ղեկավար

Տոմինկօ Հինտոյեան՝ Լոս Անճելըսի փերայի երաժշտական ղեկավար

1 Յուլիս, 2026ին, հայազգի Տոմինկօ Հինտոյեան պիտի ստանձնէ Լոս Անճելըսի Օփերայի երաժշտական ղեկավարի պատասխանատու պաշտօնը՝ հինգ տարուան շրջանի մը համար։ Ան պիտի յաջորդէ խմբավար Ճէյմզ Քանլոնին։

Իսկ ո՞վ է Տոմինկօ Հինտոյեանը։

Ան ծնած է Վենեզուելլայի մայրաքաղաք Քարաքասի մէջ, 1980ին։ Անոր հայրն է յայտնի ջութակահար Տոմինկօ Կարսիա, իսկ մայրը՝ յայտնի իրաւաբան Վիքի Հինտոյեան, որ ժամանակին Սուրիայէն գաղթած է Վենեզուելլա։

Տոմինկօ Հինտոյեան ասպարէզով եղած է ջութակահար՝ հօրը նման։ Ան սակայն իր ուսումը շարունակած է Huate Ecole de Musique de Geneva-ի մէջ եւ տիրացած Մագիստրոս արուեստից տիտղոսին։ 2019ին, Տոմինկօ Հինտոյեան գլխաւոր հիւր ղեկավարն էր Լեհաստանի Ազգային ձայնասփիւռի սիմֆոնիք նուագախումբին, իսկ 2020էն ի վեր ան եղած է գլխաւոր ղեկավարը Լիվըրփուլի Արքայական ֆիլհարմոնիք նուագախումբին։

Խօսելով իր նշանակումին մասին, ան հետեւեալ ձեւով արտայայտած է իր զգացումները։ «Մեծ պատիւ կը զգամ ստանձնելու Լոս Անճելըսի Օփերայի երաժշտական ղեկավարի պաշտօնը։ Իմ առաջին քայլէս սկսեալ այդ խումբին հետ, ես զգացի զօրաւոր կապ մը՝ իմ եւ օփերայի տաղանդաւոր երաժիշտներուն եւ անոր նուիրեալ անձնակազմին հետ։ Ինծի համար առանձնաշնորհում մըն է յաջորդել մայսթրօ Ճէյմզ Քանլոնին, որուն ձեւափոխող առաջնորդ մըն էր, որ Լոս Անճելըսի Օփերան հասցուց այն ուժական (dynamic) եւ ապագայի հեռանկարով զինուած հաստատութեան, որն է այսօր։ Այն վայրկեանէն որ ես մտայ Օփերայի շէնքը, ես ունեցայ զգացում մը՝ նպատակի եւ պատեհութեան նկատմամբ։ Ես մեծապէս խանդավառուած եմ միանալու այս համայնքին եւ իմ նպաստ բերելու՝ անոր գեղարուեստական վերելքին», կը յայտնէ հայազգի խմբավարը։

Մենք ի սրտէ յաջողութիւն կը մաղթենք հայազգի խմբավարին իր առաքելութեան մէջ եւ պէտք է քաջալերենք զինք, որ հասնի իր վեհ նպատակին։

Պատիւս՝ արժանաւորին։