image

Մահացած է հալէպահայ Հուրի Ուղուլեան Սաֆարը

Մահացած է հալէպահայ Հուրի Ուղուլեան Սաֆարը

Երեւանի մէջ  իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ Հուրի Ուղուլեան Սաֆարը։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի բարեկամներէն:

Հալէպ ծնած Հուրին Սուրիոյ վերջին պատերամի օրերուն ընտանիքին հետ տեղափոխուած էր Հայաստան: 

Անողոք հիւանդութիւնը պատճառ դարձաւ անոր անժամանակ մահուան: 56 տարեկան հանգուցեալը, յետ կարճատեւ հիւանդութեան կնքեց իր մահկանացուն՝ Ուրբաթ, 2 Յուլիս 2021-ին, խոր ցաւի մատնելով իր հարազատներն ու բարեկամներու շրջանակը։

Հուրի Սաֆար ամուսնացած էր, ան կինն էր հալէպահայ ձեռներեց Գէորգ Սաֆարի, ունէր 3 զաւակ:

Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` Ուրբաթ 23 Յուլիս, 2021-ին, կէսօրուան ժամը 1:30-ին, Մալաթիա շրջանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

Յետ թաղման արարողութեան ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին «Ժանօ» ճաշարանէն ներս: