Սա այն դէպքն էր, երբ յաղթանակը յայտարարուեցաւ «պանիխիդայի» դէմքով, կը կարծեմ հերթական պլեֆը կը փորձէր ընել, մտածելով, որ պիտի կարողանայ ազդել հետագայ հաշուարկի վրայ, կը փորձէին գիշերուան ընթացքին ամէն ինչ ընել, որ իրենց ուզած համոզիչ յաղթանակը նկարեն։ Իմ համոզմունքն է, որ առնուազն 10 տոկոս իրենք տարբեր հնարքներով աւելցուցած են, ըսած է «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, ՀՀ 2-րդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը՝ խօսելով ընտրութիւններու մասին։
«Այս ընտրութիւնները չեն կարող համարուել լեգիտիմ։ Հայաստանում տեղի ունեցած բոլոր ընտրութիւնների ընթացքում միասին այդքան կալանաւորումներ, ձերբակալութիւններ եւ քրէական գործեր չեն յարուցուել, ինչպէս միայն այս ընտրութիւնների ժամանակ»,-նշած է Քոչարեանը։