image

Պոլիս. Հայուհի Անահիտ Պոզաճեանի գլխաւորած «Փաք Թաւուք» ընկերութիւնը առաջատար դիրքի վրայ

Պոլիս. Հայուհի Անահիտ Պոզաճեանի գլխաւորած «Փաք Թաւուք» ընկերութիւնը առաջատար դիրքի վրայ

 Պոլսահայ բարերարուհի Անահիտ Պոզաճեանի «Փաք Թաւուք» ընկերութիւնը 2025-ի արտածումներու տարեկան մրցանակաբաշխութեան ընթացքին արժանացած է երկու կարեւոր մրցանակի՝ պահպանելով իր առաջատար դիրքը։

«Նոր Մարմարա»էն կը կարդանք՝

Համայնքային բարերարուհի Անահիտ Պոզաճեան յայտնի անուն է երկրի գործարար կեանքին մէջ։ Իր գլխաւորած «Փաք Թաւուք» ընկերութիւնը կը շարունակէ առաջատար դիրքի վրայ մնալ յատկապէս բեղմնաւորուած հաւկիթի արտածման գծով։ Ընկերութիւնը կայուն ու յաջող գնացքով մը բարգաւաճում կ'արձանագրէ, վստահելի գործընկեր դառնալով բազմաթիւ ընկերութիւններու համար։ Այս ձեռքբերումները կը պսակուին մրցանակներով ու երախտագիտութեամբ։

Անցեալ շաբաթավերջին, «Իսթանպուլի ջրային արտադրութիւններու ու կենդանական մթերքներու արտածողներու միութիւն»ը, կազմակերպեց 2025ի արտածումներու տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը։ «Փաք թաւուք»ը դարձեա՛լ առաջատար հռչակուեցաւ, արժանանալով երկու կարեւոր մրցանակի։ Ընկերութիւնը, նախորդ տարիներու նման, այս տարի նոյնպէս մնաց առաջատարի դիրքի վրայ. 2025ի առաջինը հռչակուեցաւ բեղմնաւորուած հաւկիթի արտածումներու ոլորտին մէջ։ Միաժամանակ ընկերութիւնը շահեցաւ նաեւ ընդհանուր դասակարգումի առաջնութիւնը՝ ընդգրկելով միսի, մեղուաբուծութեան, կաթնամթերքի, ջրային արտադրանքներու եւ հաւկիթի բոլոր ենթաբաժինները։ «Փաք թաւուք»ը այս երկրորդ մրցանակին արժանացած էր նաեւ 2023ին։

Յաջողութիւնը միայն ընկերութեան արտադրական հզօրութեան հետ չի կապուիր, այլ արդիւնք է երկարամեայ ու հետեւողական աշխատանքի, նաեւ ճիշդ կառավարման։ Անահիտ Պոզաճեան, որ երկար տարիներէ ի վեր կը ղեկավարէ ընկերութիւնը, այս ձեռքբերումը բաժնեց իր որդւոյն՝ Արթօ Օսքայեանի հետ, որ նոյնպէս աշխուժօրէն կը նպաստէ ընկերութեան զարգացման գործին։

Կը շնորհաւորենք սիրելի Տիկին Անահիտ Պոզաճեանն ու իր բոլոր գործակիցները, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ շարունակական վերելք։