image

Բացայայտուած է «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի կողմէ ընտրակաշառք տալու դէպքեր

Բացայայտուած է «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի կողմէ ընտրակաշառք տալու դէպքեր

Հայաստանի Հանրապետութեան հակափտածութեան կոմիտէն բացայայտած է ընտրակաշառք տալու, ստանալու հերթական դէպքերը։

Ինչպէն կը տեղեկանանք Կոմիտէի տարածած հաղորդագրութենէն, ծառայողներու կողմէ իրականացուած միջոցառումներու շնորհիւ փաստական տուեալներ ստացուած են այն մասին, որ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ներկայացուցիչները Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն իրենց կուսակցութեան օգտին քուէարկելու եւ աջակիցներ հաւաքագրելու պայմանով Լոռիի մարզի Սպիտակ համայնքի Գոգարան բնակավայրի եւ յարակից շրջաններու շարք մը ընտրողներու տուած են ընտրակաշառք։

Դէպքի առթիւ ՀՀ հակափտածութեան կոմիտէէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ, ձերբակալուած են շարք մը անձինք, կատարուած են վարութային գործողութիւններ։