image
Հրատապ լուրեր:

Բանակցութիւնները շարունակել Մինսքի խումբի ծիրէն ներս. ԵՄ-ի կոչը

Բանակցութիւնները շարունակել  Մինսքի  խումբի  ծիրէն ներս. ԵՄ-ի կոչը

Եւրոպական Միութիւնը ողջունած է Վրաստանի աջակցութեամբ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի գործողութիւնները, որոնք յանգեցուցած են՝ Յունիս 12-ին Ատրպէյճանի կողմէ 15 հայ գերիներու ազատ արձակման եւ Հայաստանի կողմէ ականապատ տարածքներու քարտէզներու փոխանցման։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Եւրոպական միութեան բարձր ներկայացուցիչ Ճոզէփ Պորելը:

«Այս գործողութիւնները կարեւոր մարդասիրական եւ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած ժեսթեր են Պաքուի եւ Երեւանի կողմէ, որոնք, յուսանք, նոր ուղի պիտի հարթեն կողմերու միջեւ հետագայ համագործակցութեան, ի վերջոյ, բոլոր հայ պահուող անձերու ազատարձակման, ինչպէս նաեւ տարածքներու ականապատման բոլոր առկայ քարտէզներու յանձնման համար՝ խուսափելու հետագայ մարդկային զոհերէն»,- նշած է Պորել։

Ան ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութիւնը եւ միջազգային միւս դերակատարները աշխուժօրէն խրախուսած են այս ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկելը եւ յորդորած շարունակել ներգրաւուած երկիրներու միջեւ հետագայ համագործակցութիւնը այդ ուղղութեամբ։

«Մենք կը շարունակենք խթանել հակամարտութեան կայուն եւ համակողմանի կարգաւորումը, հնարաւորութեան պարագային իրագործելով կայունացման, յետպատերազմական վերականգնման եւ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած միջոցառումներ, ինչպէս նաեւ կը վերահաստատենք մեր կոչը Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ վերստին ներգրաւուելու ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահներու հովանիի ներքոյ առարկայական բանակցութիւններուն»,- յայտարարած է ԵՄ-ի բարձր ներկայացուցիչը։