Ժամեր առաջ հրդեհ մը ծագած է Պէյրութի «Հայաշէն» թաղամասի բնակելի շէնքերէն մէկուն մէջ։
Այս մասին իմացանք Պէյրութի մեր աղբիւրէն։
Կը նշուի նաեւ, որ հրդեհը պատճառած է նիւթական մեծ վնասներ, եւ բարեբախտաբար մարդկային տոյժեր չեն գրանցուած։
Դէպքի վայր ժամանած են Պէյրութի «Քաղաքացիական պաշտպանութեան» մարմիններ եւ կարողացած են արագօրէն մարել հրդեհը։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ «Հայաշէն» հայաբնակ թաղամասին մէջ կը գտնուի Սուրբ Յովհաննու-Կարապետ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» ակումբը։