Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ կոչ ուղղեց «կարեւոր տէրութիւններու»ն արագօրէն միջամտել եւ օգնել Լիբանանին, ըսելով նաեւ, որ եթէ անոնք չշարժին, վաղը ուշ կրնայ ըլլալ...
Տիապ, որ կը համարուի «քաղաքական խաղադաշտ»էն դուրս եկող անձնաւորութիւն, ներկայիս կը վարէ վարչապետի պաշտօնակատարի իր «գործ»ը, նաեւ այն պատճառով, որ իր հրաժարականէն ետք վարչապետ նշանակուած Սաատ Հարիրի մինչեւ այս պահը չկարողացաւ կազմել նոր կառավարութիւն։
Ամէն պարագայի, յստակ է նաեւ, որ Տիապի ներկայութիւնը եւ որպէս հրաժարեալ վարչապետ իր պաշտօնին վրայ մնալը ձեւով մը «սպունգի» ազդեցութեան համազօր դեր մըն է, այն իմաստով, որ նոյն Տիապն է, որ կը շարունակէ կապը ըլլալ մէկ կողմէ երկրի իշխանութիւններուն եւ միւս կողմէ ալ ամերիկացիներուն միջեւ, որ մինչեւ այս պահը շատ ալ տխուր չեն, որ Լիբանան կը շարունակէ իր «վերջին շունչեր»ը քաշել։
«Վերակենդանացման սենեակ»ի մէջ գտնուոող Լիբանանը տարբեր առումներով ալ հասած է բաւականին վտանգաւոր փուլ եւ ըստ երեւոյթին երկրին դէմ դրուած «ամպարկո»ին զուգահեռ նաեւ գոյութիւն ունի քաղաքական գերլարուած պաշարում մը, որ ջուրը կը նետէ բոլոր մակարդակի ճիգերը եւ ձախողութեան կը մատնէ նոր կառավարութիւն կազմելու փորձերը։
Եթէ արագ վերաքաղ մը ընենք, ապա անպայման պիտի յիշատակենք, որ առնուազն վերջին մէկ տարուան ընթացքին տեղի ունեցան բազում փորձեր, որոնց հիմնական նպատակը նոր եւ դրական կառավարութիւն մը գոյացնելն էր։
Այդ ճիգերուն ամենախոշորն ու ազդեցիկը պաշտօնական Փարիզի կողմէ գործի դրուած ճիգերն էին, որոնք ոչ միայն տապալեցան, այլ նաեւ լիբանանցիներուն կողմէ Ֆրանսայի հանդէպ ունեցած յարգանքին ու հաւաստիքին կարեւոր մէկ տոկոսը ի չիք դարձուցին։
Այդ փուլէն ետք նկատելի դարձաւ, որ մարոնիներու պատրիարք Ռահիի կողմէ բաւականին կարեւոր քայլեր կը կատարուին, որոնք նոյնպէս տապալեցան, հակառակ անոր որ այդ ճիգերուն մէջ կար Վատիկանի աներեւելի ձեռքը, որ ինչ որ կերպ բոլոր լիբանանցիներուն համար ընդունելի «ձեռք» մըն էր։
Անկէ ետք ու մասնաւորապէս վերջին շաբաթներուն երկրի ամենափորձառու գործիչներէն մին՝ խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրին իր ձեռքերը «սոթտեց» ու յայտարարեց, որ ամէն ճիգ պիտի ընէ, որ Սաատ Հարիրի ի վերջոյ կարողանայ իր «խոստացուած» կառավարութիւնը կազմէ, սակայն ի զուր, այդ ալ կը տապալէր։
Այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք, արդէն յստակ սկսած է դառնալ, որ Տիապի հրաժարեալ վարչապետի պաշտօնին վրայ մնալը ունի մի քանի կարեւոր պատգամներ, որոնք կը պարփակուին հետեւեալ կէտերուն մէջ.
Ա.Կամ ան է, որ ամերիկացիք իրապէս վճռական կեցուածք ունին Լիբանանին հանդէպ ու պիտի ընեն ամէն ինչ, որ երկրի տնտեսութիւնը փլուզուի։
Բ. Կամ ալ կան որոշ միտումներ, որոնք երկիրը կ՚ուզեն տանիլ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու։
Ընտրական օրակարգով թէեւ ԱՄՆ-ի կողմէ յստակ «կանաչ լոյս»եր չկան, սակայն մերթ ընդ մերթ լսելի կը դառնան որոշ ձայներ, որոնք ընտրութիւնը կարեւորելէ հեռու երթալով հանդէս կու գան, որպէս արեւմտեան երկիրներու կամ արեւմտեան պլոքի խօսնակներ։
Այս խառը դրութեան մէջ, անշուշտ նոյն արեւմուտքի միակ երեւելի փափաքն այն է, որ լիբանանցի ժողովուրդը դարձեալ փողոց իջնէ, դատապարտէ «Հըզպալլա»ին դերը ու նաեւ «սթարթ»ը տայ քաղաքացիական ներքին բախումներու։
Դժուար չէ «Հըզպալլա»ին դէմ բախումներ հրահրելու իրավիճակը նաեւ անոր համար, որ Ծոցի Արաբական երկիրներուն համար Իրանի ազդեցութեամբ գործող այդ կուսակցութիւնը տարբեր առումներով դարձած է իրենց համար «աչքի փուշ»։
Խնդիրը այդ չէ սակայն, խնդիրը աւելի խորն է ու յստակ է նաեւ, որ երկրին մէջ առկայ դժուարութիւնները կրնան ստեղծել այնպիսի վիճակ մը, որ սովորական քաղաքացիներ, սովի եւ ծարաւի ափերուն առջեւ կենալէ առաջ մղուին զիրար սպաննելու գործին։
Այդ մօտեցումին հայերս «Եղբայրասպան կռիւներ» ընդհանուր վերնագիրը կու տանք, սակայն եկուր տես որ, Լիբանանի երեսուն տարուան փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ լիբանանցիք, ոչ թէ եղբայրութեան մէջ կ՚ապրին, եղբայրութեան հաց ու արեւ կը կիսեն, այլ լիբանանցիք զիրար կ՚ատեն։
Կ՚ատեն, ոչ թէ համայնքային դրուածքներու հետեւանքով իրարմէ օտարուած միւս համայնքի զաւակները, այլ կ՚ատեն արտաքին աշխարհի խաղացողները, որոնք ամէն ճիգ ըրին ու դեռ ալ կ՚ընեն աւելիով բաժնելու եւ կիսելու Լիբանանը։
Կիսելու, գուցէ իրար մէջ եւ կիսելու Մերձաւոր Արեւելեան աւազանի այդ հատուածին մէջ կազի, նաւթի, զէնքի, լրտեսութեան, թմրեցուցիչի եւ միւս բոլոր տեսակի գործարքները, որոնք ի վերջոյ պիտի ծառայեցուին այն մեծ «ձուկեր»ուն, որոնք իբրեւ թէ տէրն ու տիրականն են Լիբանանին։
Անիշխանական իրավիճակի ծաւալումը եւ մեծացումը մեծ հաշուով կրնայ նաեւ վտանգներ պարունակել Լիբանանահայութեան համար, որ հակառակ բոլոր մակարդակի փոթորիկներուն կը շարունակէ ապրիլ ու դիավարել ու հրաշալին այն է, որ հայութիւնը կիսելու բոլոր մակարդակի փորձերը կը շարունակեն տապալիլ, շնորհիւ այն ոգիին, որ դեռ ապրող ու ապրեցնող է Պէյրութի մէջ։