image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանեան մամուլը անդրադարձած է հայութեան պահանջին

Լիբանանեան մամուլը անդրադարձած է հայութեան պահանջին

Լիբանանի արաբատառ մամուլը անդրադարձած է անցնող ժամերուն երեւան եկած, այսպէս ըսած, հայկական պահանջներուն:

Մասնաւորապէս լիբանանեան LBCI կայանը լուրով մը հաղորդած է, որ լիբանանահայութիւնը դէմ է այն առաջարկին, որուն հիման վրայ 30 հոգիներէ բաղկացող կառավարութեան մէջ պիտի ներառնուի միայն մէկ հայ նախարար:

Աղբիւրը նաեւ գրած է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը յատուկ ուղերձներ յղած է երկրի նախագահին, ինչպէս նաեւ վարչապետին, նշելով,  որ արդար չէ համայնքը զրկել իր իրաւունքներէն:

Յիշեցնենք, որ Թայէֆեան համաձայնագրին հիմամբ ամրագրուած է, որ երկրի մէջ որեւէ 30 հոգիներէ բաղկացող կառավարութեան մէջ լիբանանահայ համայնքը պէտք է ներկայացուած ըլլայ 2 նախարարներով :

Խնդիրն այն է, որ կառավարութեան կազմութեան լուրէն ժամեր առաջ, շրջանառութեան մէջ դրուած էր տեղեկութիւն մը, ըստ որուն, լիբանանահայ համայնքին պիտի տրուէր նախարարական միայն մէկ աթոռ:

Հիմա այդ տագնապը փարատած  է, սակայն կառավարութեան կազմութիւնը, ըստ երեւոյթին, պիտի շարունակէ ուշանալ: