Լիբանանի արաբատառ մամուլը անդրադարձած է անցնող ժամերուն երեւան եկած, այսպէս ըսած, հայկական պահանջներուն:
Մասնաւորապէս լիբանանեան LBCI կայանը լուրով մը հաղորդած է, որ լիբանանահայութիւնը դէմ է այն առաջարկին, որուն հիման վրայ 30 հոգիներէ բաղկացող կառավարութեան մէջ պիտի ներառնուի միայն մէկ հայ նախարար:
Աղբիւրը նաեւ գրած է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը յատուկ ուղերձներ յղած է երկրի նախագահին, ինչպէս նաեւ վարչապետին, նշելով, որ արդար չէ համայնքը զրկել իր իրաւունքներէն:
Յիշեցնենք, որ Թայէֆեան համաձայնագրին հիմամբ ամրագրուած է, որ երկրի մէջ որեւէ 30 հոգիներէ բաղկացող կառավարութեան մէջ լիբանանահայ համայնքը պէտք է ներկայացուած ըլլայ 2 նախարարներով :
Խնդիրն այն է, որ կառավարութեան կազմութեան լուրէն ժամեր առաջ, շրջանառութեան մէջ դրուած էր տեղեկութիւն մը, ըստ որուն, լիբանանահայ համայնքին պիտի տրուէր նախարարական միայն մէկ աթոռ:
Հիմա այդ տագնապը փարատած է, սակայն կառավարութեան կազմութիւնը, ըստ երեւոյթին, պիտի շարունակէ ուշանալ: