Հոլանտայի Թուրքիոյ եւ Ատրպէճանի շահերը սպասարկող «Denk» կուսակցութեան երեք անդամէ բաղկացած խմբակցութիւնը փոխած է իր դիրքորոշումը եւ միացած է անցեալ շաբաթ խորհրդարանին ընդունած բանաձեւին, որ կոչ կ'ուղղէ ԱԳ նախարարին՝ եւրոպական մակարդակով ճնշում գործադրելու Ատրպէճանի նկատմամբ՝ հայ ռազմագերիները եւ քաղաքացիական անձինք անմիջապէս հայրենադարձելու պահանջով։
«Denk» կուսակցութիւնը Թուրքիոյ ղեկավարի շահերը յառաջ մղող ուժի համբաւ ունի, որ սովորաբար կ'ընտրէ մի քանի հարիւր հազարանոց թրքական համայնքի ձայներուն հաշուոյն։