image
Հրատապ լուրեր:

Ինչ պատահած է Քուէյթի կեդրոնական շրջաններուն մէջ (Տեսանիւթեր)

Ինչ պատահած է  Քուէյթի  կեդրոնական  շրջաններուն մէջ (Տեսանիւթեր)

Քուէյթի կառավարութիւնը այսօր փակ պահեց երկրի պետական հիմնարկներն ու օդակայանը:

«Արեւելք»ի  Քուէյթի աղբիւրին  համաձայն երէկ տեղացած անձրեւները պատճառ  դարձած են, որ կեդրոնական շարք մը փողոցներ      ժամերով  փակուած մնան։ 

Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ իրավիճակը ահազանգային եւ մտահոգիչ չէ  եւ  լուրջ վնասներ չեն գրանցուած: Կարգ մը թաղամասեր, որոնք նման իրավիճակներու դէմը առնելու պատրաստուած չեն,  ջուրով լեցուելու պատճառով վնասներ կրած են՝ քաղաքացիներու ինքնաշարժերն ու բնակարանները վնասուած են:

Մեր աղբիւրի համաձայն, հակառակ անոր որ՝ կարգ մը թաղամասերու փակ ըլլալուն պատճառով պետութիւնը իր բոլոր հաստատութիւնները, կառոյցները փակ յայտարարած է, որոնց շարքին նաեւ դպրոցները, սակայն սեփական  հաստատութիւններու պաշտօնէութիւնն ու գործատէրերը յաճախած են իրենց գործատեղիները՝ 

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ տեղեկացուցած էինք, որ օդային ոչ բարենպաստ պայմաններու պատճառով, Քուէյթ այս առաւօտ առկախած էր նաեւ Քուէյթի միջազգային օդակայանի գործունէութիւնը։ Լրատուական աղբիւրներ յայտնած էին, որ երկրի բոլոր նախարարութիւնները եւ կառավարական մարմինները նոյնպէս փակ պիտի  պահեն իրենց դռները։ 

 

Տեսանիւթին մէջ Սալմիյէ եւ Հաուալլի հայաբնակ թաղամասերու կարգ մը փողոցներն են: