image
Հրատապ լուրեր:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի հանդիպումներէն անկալիք կրնայ ըլլալ այն պարագային, երբ Ազրպէյճան փոխէ իր ապակառուցողական մօտեցումը.ԱԳՆ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի հանդիպումներէն անկալիք կրնայ ըլլալ այն պարագային, երբ Ազրպէյճան փոխէ իր ապակառուցողական մօտեցումը.ԱԳՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, թէ Մոսկուայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն յառաջիկայ հանդիպումէն լուրջ ակնկալութիւններ չունի: Ան նկատել տուաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առումով յառաջընթաց չ'արձանագրուիր շատ պարզ պատճառով` կողմերէն Ազրպէյճանը նոյնիսկ սեղանին շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կոպիտ կերպով կը խախտէ:

«Աւելի քան քսան տարիէ ի վեր մենք այս հոլովոյթին մէջ ենք: Պարբերաբար տեղի կ'ունենան հանդիպումներ, բայց բոլորդ գիտէք, որ Ազրպէյճանը կը խախտէ նոյնիսկ այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք սեղանին շուրջ ձեռք բերուած են: Ըսուածին վառ վկայութիւնը Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներն են, որոնց ընթացքին  պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է` շփման գիծին մէջ կայունութիւն պահպանել, սակայն իրականութեան մէջ Ազրպէյճանը, ըստ էութեան, կը խախտէ պայմանաւորուածութիւնները», -ըսաւ Քոչարեան` նշելով, թէ ինքնին այս հարցին շուրջ ալ տարբեր առիթներով քննարկում կայացած է:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ ակնկալութիւններ կան յառաջիկայ հանդիպումէն` Շաւարշ Քոչարեան ըսաւ. «Ի՞նչ ակնկալութիւններ, երբ նոյն հոլովոյթին մէջ ենք աւելի քան քսան տարիէ ի վեր: Ակնկալիք կրնայ ըլլալ այն պարագային, երբ Ազրպէյճանը փոխէ իր ապակառուցողական մօտեցումը: Տրամաբանական է. քանի կը կրակեն, քանի կը սադրեն, անկարելի է լուծման շուրջ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրել»: