Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, թէ Մոսկուայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն յառաջիկայ հանդիպումէն լուրջ ակնկալութիւններ չունի: Ան նկատել տուաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առումով յառաջընթաց չ'արձանագրուիր շատ պարզ պատճառով` կողմերէն Ազրպէյճանը նոյնիսկ սեղանին շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կոպիտ կերպով կը խախտէ:
«Աւելի քան քսան տարիէ ի վեր մենք այս հոլովոյթին մէջ ենք: Պարբերաբար տեղի կ'ունենան հանդիպումներ, բայց բոլորդ գիտէք, որ Ազրպէյճանը կը խախտէ նոյնիսկ այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք սեղանին շուրջ ձեռք բերուած են: Ըսուածին վառ վկայութիւնը Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներն են, որոնց ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է` շփման գիծին մէջ կայունութիւն պահպանել, սակայն իրականութեան մէջ Ազրպէյճանը, ըստ էութեան, կը խախտէ պայմանաւորուածութիւնները», -ըսաւ Քոչարեան` նշելով, թէ ինքնին այս հարցին շուրջ ալ տարբեր առիթներով քննարկում կայացած է:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ ակնկալութիւններ կան յառաջիկայ հանդիպումէն` Շաւարշ Քոչարեան ըսաւ. «Ի՞նչ ակնկալութիւններ, երբ նոյն հոլովոյթին մէջ ենք աւելի քան քսան տարիէ ի վեր: Ակնկալիք կրնայ ըլլալ այն պարագային, երբ Ազրպէյճանը փոխէ իր ապակառուցողական մօտեցումը: Տրամաբանական է. քանի կը կրակեն, քանի կը սադրեն, անկարելի է լուծման շուրջ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրել»: