Գնահատելով Հալէպ գտնուող եւ ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան մաս կազմող բժիշկներուն գործունէութիւնը Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան յատուկ հաւաքի մը ընթացքին մեծարած է առաքելութեան մաս կազմող բժիշկները։
Այս մասին «Արեւելք»ին յայտնեցին Հալէպէն։
Նշենք, որ գնահատանքի երեկոն եղած է 29 Օգոստոս 2020-ին, Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ «Շիրաճեան» սրահէն ներս , ուր Վերապատուելի Համայնքապետը «Սպիտակ Բանակ» անուանած է առաքելութեան մաս կազմողները եւ շնորհակալութիւն յայտնած ՀՀ Մարդասիրական խումբին իրենց առաքելութեան եւ փոխգործակցութեան համար, մաղթելով նորանոր ծրագիրներու լաւատես բարեմաղթութիւն։
Աւարտին, Վերապատուելին գնահատագիրներով պատուեց բոլորին, իսկ տեղացի բժիշկներուն նիւթական նուէրներ տրամադրած։
Սոյն հանդիպումին իրենց ներկայութիւնը բերած էին նաեւ Հալէպի Առողջապահութեան տնօրէնն ու ՀՀ Մարդասիրական խումբի ներկայացուցիչ Արկատի Տօնոյեանը։ Տոնոյեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած երկուստեք տարուող փոխգործակցութեան առնչութեամբ, մաղթելով առաւել բարգաւաճ օրեր։