26 Ապրիլին ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը ստորագրած է 1 ապրիլին Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին ընդունուած ««ՀՀ ընտրական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքը:
Աւելի վաղ Հանրապետութեան նախագահն օրէնքի ընդունումէն ետք 21-օրեայ ժամկէտի մէջ պէտք է ստորագրէր այն, սակայն չէր ստորագրած եւ չէր վիճարկած անոր սահմանադրականութիւնը: Այդ ժամկէտի լրանալէն ետք օրէնքի ստորագրման լիազօրութիւնը ՀՀ Սահմանադրութեան 129-րդ յօդուածի 3-րդ մասի համաձայն՝ փոխանցուած էր ԱԺ նախագահին:
Նշենք, որ այս օրէնքով կը նախատեսուի ընտրութիւններէն առաջ հանել ռէյթինկային (վարկանշային) ցուցակները եւ ընտրութիւններու երթալ պարզ համամասնական ընտրակարգով:
Նախագիծն ընդունուած էր առաջին ընթերցմամբ 83 կողմ, 0 դէմ, 0 ձեռնպահ քուէարկութեամբ:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ