image

Լիբանանեան Հարաւի մէջ Հայ երիտասարդ մը զոհուած է

Լիբանանեան Հարաւի մէջ Հայ երիտասարդ մը զոհուած է

Կայ տպաւորութիւն, որ զոհուած երիտասարդը առհասարակ հեռու եղած է հայկական միջավայրէ եւ հայ համայնքէ եւ ան ծնած ու մեծցած է Լիբանանի շիիթ համայնքի շրջանակներուն մէջ։

Երէկուընէ ի վեր համացանցային տարբեր  էջերուն մեծ տարածում գտած է Ադամ Գրիգոր Հէքիմեանի մահուան լուրը։

 Յատկապէս «Հըզպալլա»ի մօտիկ էջեր լուրը տարածելով նշած են, որ Ադամ Հէքիմեան զոհուած է Լիբանանեան Հարաւի մէջ պատերազմական գործողութիւններուն մասնակցելու ժամանակ։

Այլ տուեալներ կը բացակային։

Կայ տպաւորութիւն, որ զոհուած երիտասարդը առհասարակ հեռու եղած է հայկական միջավայրէ եւ հայ համայնքէ եւ ան ծնած ու մեծցած է Լիբանանի շիիթ համայնքի շրջանակներուն մէջ։

 Յստակօրէն չի նշուիր անոր «Հըզպալլա» կազմակերպութեան անդամ ըլլալուն մասին, սակայն նոյն աղբիւրները դրուատիքով կը խօսին երկրի Հարաւին հանդէպ անոր ունեցած յարգանքին եւ պատկանելիութեան զգացումին մասին։