Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը յայտարարած է, որ խորապէս վշտացած է իր ամերիկացի գործընկեր Ճօ Պայտընի կողմէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կապակցութեամբ:
«Պայտընը աւելի քան մէկ դար առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու առնչութեամբ օգտագործած է անարդար արտայայտութիւն, որ հիմնուած չէ պատմութեան վրայ։ Այդ մեզ խորապէս տխրեցուցած է։ Այդ հարցերը պէտք է ձգել պատմաբաններուն, այլ ոչ թէ քաղաքական գործիչներուն։ Բայց հակառակ կողմէն ոչ մէկ պատասխան կայ։ Արեւմուտքը երկերեսութիւն ցոյց կու տայ հայկական հարցի եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու նկատմամբ»,– ըսած է Էրտողանը, աւելցնելով, որ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան մէջ «հայ հրոսակախումբերը կը սպանէին անմեղ մարդոց»։
Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է, որ այդ բառերը կ'ըսէ ՝ յենելով այն փաստաթուղթերուն վրայ, որոնք թրքական արխիւներուն մէջ «մէկ միլիոնէ աւելի են»:
«Ինչի վրայ կը յենի Պայտընը, ես չեմ գիտեր։ Եթէ ԱՄՆ-ի կամ Եւրոպայի մէջ նման արխիւներ կան, պատրա՞ստ են անոնք բանալ։ Մենք պատրաստ ենք։ Եկէք, ուսումնասիրեք»,- աւելցուցած է Էրտողանը։