Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան հայրը, ուր իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայոց ցեղասպանութեան արդիականացուած պահանջատիրական պայքարի աշխատանքներու կարեւորութեան, յայտնելով թէ՝ ցեղասպանութեան երկրորդ եւ երորդ սերունդները առիթը ունեցած են լսելու ցեղասպանութենէն վերապրածներու ականատեսի վկայութիւնները եւ զգալու ցեղասպանութեան ստեղծած արհաւիրները, որուն իբրեւ հետեւանք բնական ընթացքով դարձած են ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներու ժառանգորդներ, նոյն զգացումը արհեստական բանականութեան ճամբով աւելի մատչելի միջոց կրնայ ստեղծել երիտասարդ եւ պատանի սերունդներուն հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներէն եկած զգացումը ունենալու եւ պահանջատիրական պայքարը շարունակելու համար:
ԱՄԷ-ի, Քաթարի եւ Շրջակայից երկիրներու Թեմի Պաշտօնական Էջէն կը կարդանք՝
Նախագահութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ թեմի Ազգային Վարչութեան, Կիրակի 26 Ապրիլ 2026-ին, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիր Բիէր Քէօսէեան սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ ամեակի նուիրուած ձեռնարկ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ազգային Վարչութեան ատենդապրուհի՝ Տիկ. Դալար Թօփալեանը, որ անդրադարձաւ թշնամիներու անգիտութեան մասին, թէ նորանոր սերունդներ պիտի ծնին ու բարձրանան։ Ան շեշտեց թէ՝ հայ ազգի գերագոյն արժանիքները պահպանելով, մենք պիտի կարենանք յաւերժացնել մեր նահատակներուն թողած սրբազան ժառանգութիւնը։
Օրուան բանախօսն էր Պրն. Սարգիս Գասարճեանը, որ ներկայացուց ներկայ դարուս արհեստական բանականութեան օգտագործման ձեւերն ու միջոցները հայոց ցեղասպանութեան քարոզչական աշխատանքներէն ներս, յայտնելով թէ ներկայ երիտասարդ եւ պատանի սերունդին աւելի մատչելի եւ արագ կարելի է հասնիլ արհեստական բանականութեան միջոցաւ եւ իրենց մտքերուն մէջ տեղաւորել հայոց ցեղասպանութեան աշխատանքները:
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան հայրը, ուր իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայոց ցեղասպանութեան արդիականացուած պահանջատիրական պայքարի աշխատանքներու կարեւորութեան, յայտնելով թէ՝ ցեղասպանութեան երկրորդ եւ երորդ սերունդները առիթը ունեցած են լսելու ցեղասպանութենէն վերապրածներու ականատեսի վկայութիւնները եւ զգալու ցեղասպանութեան ստեղծած արհաւիրները, որուն իբրեւ հետեւանք բնական ընթացքով դարձած են ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներու ժառանգորդներ, նոյն զգացումը արհեստական բանականութեան ճամբով աւելի մատչելի միջոց կրնայ ստեղծել երիտասարդ եւ պատանի սերունդներուն հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներէն եկած զգացումը ունենալու եւ պահանջատիրական պայքարը շարունակելու համար:
Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Օհաննէսեան Ազգային Միօրեայ վարժարանի խումբ մը աշակերտներ:

