Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, զօրավար-լեյտենանտ Ջալալ Յարութիւնեանը որպէս վկայ հարցաքննուած է քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութենէն ներս քննուող պատերազմին առնչուող քրէական գործով։
Այս մասին յայտնած են քննչական կոմիտէէն:
Խօսքը կը վերաբերի Ջալալ Յարութիւնեանի հրամանով թշնամիի վերահսկողութեան տակ անցած Հադրութ տեղափոխուած եւ շրջափակման հետեւանքով զոհուած կամ անյայտ կորսուած 72 զինծառայողներուն առնչուող քրէական գործին։ Այս դէպքի շրջածիրէն ներս 13 փետրուարին ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 375–րդ յօդուածի 4–րդ մասով (պատերազմի ժամանակ իշխանութեան անգործութիւնը) մեղադրանք առաջադրուած է ՊԲ 18–րդ հրաձգային բաժնի հրամանատար, զօրավար-մայոր Կարէն Առստամեանին։
Զօրավար–մայորի նկատմամբ, որպէս խափանման միջոց կիրառուած է՝ չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը։
Այս դէպքը բացայայտուած եւ լուրջ հանրային արձագանգ ստացած էր պատերազմէն ետք։ Այսպէս. պատերազմի ընթացքին՝ 11 հոկտեմբերին, Ջալալ Յարութիւնեանի հրամանով Մարտունի 3 պաշտպանականէն 72 հոգինոց վաշտ ուղարկած են Հադրութ-Ջրական ուղղութեամբ հակառակորդի առաջխաղացման դիմակայելու համար, որու հետեւանքով զինուորներն ինկած են շրջափակման մէջ, եւ ցաւօք, մեծ մասը զոհուած է, որոշներն ալ անյայտ կորսուած են։ Ըստ մեղադրանքի՝ Առստամեանն ըստ հրամանի՝ պարտաւոր էր դիմաւորել եւ իր հրամանատարութեան ներքոյ ընդունիլ ՊԲ N զօրամասի 72 զինծառայողները, մինչդեռ տղաներուն այդ ուղղութեամբ ուղարկած է ՊԲ հրամանատարը՝ քաջ գիտնալով, որ այդ հատուածն արդէն անցած է թշնամիի վերահսկողութեան տակ։