image

Մահացած է Ամերիկահայ ազգային գործիչ՝ Խաժակ Տիքիճեան

Մահացած է  Ամերիկահայ  ազգային գործիչ՝  Խաժակ  Տիքիճեան

 Օրերս  Միացեալ Նահանգներու  Արեւմտեան Թեմը կորսնցուցած է  իր նուիրեալ  անդամներէն՝   Խաժակ  Տիքիճեան։

 

 Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն  ստացաւ  ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի  դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս   գրուած է՝

«Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ.  Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը խոր ցաւով  կը գուժեն Թեմի երկարամեայ նուիրեալ, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Ազգային վարչութեան նախկին ատենապետ, Ս· Նահատակաց Եկեղեցւոյ երեսփոխան ու վաստակաշատ ազգային- հասարակական գործիչ Խաժակ Տիքիճեանի մահը, որ պատահեցաւ 22 Ապրիլ 2021-ին։ 

Խաժակ Տիքիճեան Արեւմտեան Թեմէն ներս տասնամեակներու վրայ երկարող ծառայական հարուստ վաստակ ունի· ան իր եկեղեցանուէր ու ազգանուէր ծառայութեանց համար Ն·Ս·Օ·Տ·Տ· Արամ Ա· Վեհափառ Հայրապետի կողմէ արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան "Կիլիկեան Իշխան" շքանշանին, 2011 թուականին։

Իր մահուան տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի տիկնոջ՝ Շողիկին, զաւակներուն՝ Այգին ու ընտանիքին, Սեւակին եւ Նայիրիին, ընտանեկան բոլոր պարագաներուն, ինչպէս նաեւ հարազատներուն, ընկերներուն եւ բարեկամներուն։

ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐՈՒԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԹԱՂՈՒՄ։

Յուղարկաւորութեան մանրամասնութիւնները կը ծանուցուին մամուլով։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի»։