Հայց. Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ Քոյր եկեղեցի հանդիսացող Ղըպտի Ուղղափառներու Սուրբ Զատկուան տօնական մթնոլորտին մէջ, հաւատքն ու համայնքային ոգին դարձեալ միացած են մէկ յարկի տակ։ Ղըպտիներու Սուրբ Մարկոս Մայր Տաճարին մէջ հնչած աղօթքն ու ջերմ ընդունելութիւնը դարձան յոյսի կենդանի արտայայտութիւն։ Այս հանդիպումը վկայեց, թէ հաւատքը՝ երբ գործի կը վերածուի, «կը կառուցէ» մարդն ու համայնքը։
Նշենք, որ այս Գանատայի Ղըպտի եկեղեցւոյ մասին գրելու շարժառիթը՝ Գանատայի Խորհրդարանի հայազգի անդամ Տիար Արիս Պապիկեանի կատարած գրառումն է, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։
Տիար Պապիկեան, որ օրերս մասնակից դարձած Ղըպտիներու Սուրբ Զատկուան արարողութեանց մասնաւորապէս գրած է՝
Երախտապարտ էի մասնակցելու Ղըպտի քոյր համայնքի Սուրբ Զատկուան տօնակատարութիւններուն՝ Սուրբ Մարկոս Ուղղափառ Մայր Տաճարին մէջ։
Շնորհակալութիւն Հայր Ամմոնիոսին՝ իր սիրալիր հրաւէրին, ջերմ ընդունելութեան, եւ Եկեղեցւոյ կողմէ մատչելի բնակարանաշինութեան ծրագիրներուն մասին փոխանցած տեղեկութիւններուն համար, որոնք հաւատքի գործնական դրսեւորման եւ համայնքին ծառայութեան ներշնչող օրինակ մըն են։
Յարգանքս Ղըպտի Եկեղեցիին եւ համայնքին՝ իրենց շարունակական նուիրուածութեան համար՝ պահպանելու Ղըպտիներու հարուստ աւանդութիւնները, միաժամանակ խթանելով միասնութիւնը, գթասրտութիւնը եւ եղբայրակցութիւնը բոլորին միջեւ։
Թող Յարուցեալ Քրիստոսի լոյսը լեցնէ ձեր սրտերն ու տուները խաղաղութեամբ, առողջութեամբ եւ առատ օրհնութիւններով։