Այս տարելիցի ոգեկոչումը առիթ կը հանդիսանայ շեշտելու հաւաքական յիշողութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, ամրապնդելու արդարութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան արժէքները, եւ գործելու՝ յանուն ապագայի մը, որուն մէջ կը տիրեն խաղաղութիւնը եւ ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ յարգանքը։
Կ՚ողջունենք հայ ժողովուրդը եւ կը վերահաստատենք մեր երկիր Լիբանանի առաքելութիւնը, որպէս ազատութեան եւ բազմազանութեան երկիր, ինչպէս նաեւ հաւատքը, թէ յիշողութեան կառչած մնալը հիմնական սիւնն է՝ ողբերգութիւններու կրկնութիւնը կանխելու ջանքերուն մէջ։
Յարգելով Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակը, Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աուն իր «Իքս»ի էջին կատարած գրառմամբ մասնաւորապէս շեշտած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը առիթ մըն է ոչ միայն յիշելու մարդկային այս մեծ ողբերգութեան զոհերը, այլեւ վերարժեւորելու տոկունութեան, ինքնութեան պահպանման եւ պատմական յիշողութեան կարեւորութիւնը։
Ան ընդգծած է, թէ Լիբանան ապաստան եղած է այն հայերուն համար, որոնք իրենց մէջ գտած են երկրորդ հայրենիք մը՝ իրենց ներդրումը բերելով երկրի կառուցման եւ բարգաւաճման գործին, եւ դառնալով անբաժանելի մասը լիբանանեան հասարակութեան բազմազան ու հարուստ հիւսուածքին։
Նախագահը նաեւ յայտնած է, որ այս տարելիցին ոգեկոչումը կը պարտադրէ ամրապնդել հաւաքական յիշողութիւնը, պաշտպանել արդարութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան արժէքները, եւ գործել՝ յանուն խաղաղութեան ու ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած ապագայի։
Աւարտին, ան իր ողջոյնը յղած է հայ ժողովուրդին՝ վերահաստատելով Լիբանանի յանձնառութիւնը՝ մնալու ազատութեան եւ բազմազանութեան երկիր, եւ իր համոզումը, թէ յիշողութեան պահպանումը հիմնական երաշխիք մըն է՝ նման ողբերգութիւններու կրկնութիւնը կանխելու համար։
Ստորեւ Լիբանանի նախագահին կատարած գրառումը Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առթիւ
«Խոր ցաւով կը յիշենք այս մարդկային ողբերգութեան զոհերը, եւ կը վերյիշեցնենք տոկունութեան ու ինքնութեան կառչած մնալու իմաստները։
Լիբանանը ծառայած է որպէս ապահով ապաստան այն հայերուն համար, որոնք անոր մէջ գտած են երկրորդ հայրենիք մը՝ իրենց նպաստը բերելով անոր կառուցման եւ բարգաւաճման գործին, եւ դառնալով անբաժանելի մասը անոր ազգային հիւսուածքին եւ հարուստ բազմազանութեան։
Այս տարելիցի ոգեկոչումը առիթ կը հանդիսանայ շեշտելու հաւաքական յիշողութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, ամրապնդելու արդարութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան արժէքները, եւ գործելու՝ յանուն ապագայի մը, որուն մէջ կը տիրեն խաղաղութիւնը եւ ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ յարգանքը։
Կ՚ողջունենք հայ ժողովուրդը եւ կը վերահաստատենք մեր երկիր Լիբանանի առաքելութիւնը, որպէս ազատութեան եւ բազմազանութեան երկիր, ինչպէս նաեւ հաւատքը, թէ յիշողութեան կառչած մնալը հիմնական սիւնն է՝ ողբերգութիւններու կրկնութիւնը կանխելու ջանքերուն մէջ»։