image

Հայկական զինուած ուժերը որեւէ շրջան չեն յանձնած հակառակորդին. ՀՀ ՊՆ

Հայկական զինուած ուժերը որեւէ շրջան չեն յանձնած հակառակորդին. ՀՀ ՊՆ

 

Վերջին ժամերուն ընկերային ցանցերու մէջ լայնօրէն կը տարածուի տեսանիւթ, որուն մէջ պնդում կ'ըլլայ, թէ «Հայաստանի ներկայիս իշխանութիւններու հրամանով, ՀՀ հարաւ-արեւելքի մէջ (Սիւնիք), հայկական կողմը միակողմանի ռազմավարական դիրքերը կը յանձնէ ատրպէյճանական ուժերուն»: ՀՀ ՊՆ կը հերքէ նշուած տեղեկութիւնը, շեշտելով, որ այն բացարձակ սուտ է:

 

«Հայաստանի զինուած ուժերը որեւէ դիրք ատրպէյճանական կողմին չեն յանձնել, սահմանի ամբողջ երկայնքով գտնուում են իրենց զբաղեցրած դիրքերում եւ լիարժէք կատարում են առաջադրուած խնդիրները:

Միեւնոյն ժամանակ` ցաւով արձանագրում ենք, որ զինուած ուժերին վերաբերող կեղծ տեղեկատուութիւնն ու իրականութեան խեղաթիւրումն սկսում են միտումնաւոր եւ ուղղորդուած բնոյթ կրել, ինչը չի կարող լուրջ անհանգատութիւն չառաջացնել: Կոչ ենք անում յատկապէս ԶԼՄ-ներին` տուրք չտալ «սքանտալային» տեղեկութիւններ տարածելու շնորհիւ յաւելեալ դիտումներ ապահովելու գայթակղութեանը եւ զերծ մնալ յետպատերազմեան շրջանում ամենժամեայ ռեժիմով ծանր խնդիր լուծող զինուած ուժերի հեղինակութեանը վնասող գործողութիւններից»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: