image

Ըստ Թաթոյեանի բացառուած է, որ Փաշինեան, Քոչարեան եւ Կարապետեան վարչապետ դառնան

Ըստ Թաթոյեանի բացառուած է, որ Փաշինեան, Քոչարեան եւ Կարապետեան վարչապետ դառնան

Մենք ունինք քանի մը կարմիր գիծ, որ Նիկոլ Փաշինեանը ոչ մէկ պարագայի կրնայ ըլլալ Հայաստանի վարչապետ, Ռոպերթ Քոչարեանին մենք պիտի չընտրենք վարչապետ, Սամուէլ Կարապետեանը հանրահռչակ հայ է, մեծագոյն գործեր ունի ըրած հայ ժողովուրդի համար, բայց իմ կարծիքով Սահմանադրութիւնը մէկ մարդու համար չի կրնար փոխուիլ եւ Սամուէլ Կարապետեանը այս պարագային չի կարնար ըլլալ վարչապետ։ Այս մասին Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով յայտարարած է «Միասնութեան թեւեր» կուսակցութեան վարչապետի թեկնածու Արման Թաթոյեանը:

«Մենք սահմանում ենք այս արգելքները եւ ասում ենք մնացած որոշումները կը կայացուեն ընտրութիւնների արդիւնքներից յետոյ, հիմա գնահատականներ տալը ճիշդ չէ, ընտրութիւններից յետոյ Հայաստանի շահերից ելնելով մենք որոշումները կը կայացնենք»,-նշած է ան։