image

Բնիկ Մուսալեռցի` Մուշեղ Աշգարեանի կորուստը

  Բնիկ Մուսալեռցի` Մուշեղ Աշգարեանի կորուստը

 Օրերս իր մահկանացուն կնքած է բնիկ Մուսալեռցի մեր հայրենակիցներէն՝ Մուշեղ Աշգարեանը։

Նշենք, որ հանգուցեալը երկար տարիներէ  ի վեր հաստատուած էր Պէյրութ, ուր կը գործէր, որպէս ժամացոյցներու նորոգող։

Ստորեւ հանգուցեալի Մահազդը, որ տեղադրուած էր Մուսալեռ-Այնճար դիմատետրեան էջին։

 

 

Տէր եւ Տիկ Յակոբ եւ Մայտա Աշգարեան եւ զաւակունք 

Տիկ Սադենիկ Աշգարեան

Տիկ Ենովայ Աշգարեան եւ զաւակունք

Տէր եւ Տիկ Ալպէր Գապաքեան եւ զաւակունք

Եւ համայն, Աշգարեան, Գապաքեան, Հաճեան, Չեքիճեան եւ համայն ազգականներ, կը գուժեն իրենց հարազատին 

Մուշեղ Աշգարեան-ի 

մահը, որ պատահեցաւ 22 Ապրիլ 2026-ին։ Թաղման արարողութիւն պիտի կատարուի, Հինգշաբթի,23 Ապրիլ 2026, կ.ե ժամը 2:00-ին, Այնճարի «Ս.Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի Ազգային գերեզմանատունը։

Ներկայիս ընդունիլ իբրեւ մահազդ։

Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին «Ս.Պօղոս» եկեղեցւոյ սրահը, կէսօրուայ ժամը 12:00էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, յաջորդող օրերուն հանգուցեալին բնակարանը(01251801):

Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ