image

Համաշխարհային յայտնի առաջնորդներ, որոնք սպաննուած են.Գրեց՝ Նարէ Գալեմքերեան

Համաշխարհային յայտնի առաջնորդներ, որոնք սպաննուած են.Գրեց՝ Նարէ Գալեմքերեան

Թագաւորներու, նախագահներու կամ ոեւէ ղեկավարի սպանութիւնը եթէ նախապէս դանակով կամ ատրճանակով կ՛ըլլար, այժմ մենք ականատես կ՛ըլլանք անօդաչու սարքերով իրականացուող ոճրագործութիւններու:

Թէեւ կը կարծուի, թէ բարի գործը չի պատժուիր, սակայն միշտ չէ, որ այդպէս է: Պատմութիւնը տեսած է սիրուած, ազդեցիկ համաշխարհային առաջնորդներու ողբերգական սպանութիւններ իրենց հեղինակութեան գագաթնակէտին: Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ տեղի ունեցած են  յարգուած առաջնորդներու սպանութիւններ:

Ն.

Աբրահամ Լինքըլն, Միացեալ Նահանգներ

Ճոն Ուիլքս Պուտ առջեւ ծռած է` կրակելու նախագահ Աբրահամ Լինքըլնի վրայ, երբ ան կը դիտէր «Մեր ամերիկացի զարմիկը» ներկայացումը, Ուաշինկթընի Ֆորտի թատրոնին մէջ, 14 ապրիլ 1865-ին:

Աբրահամ Լինքըլն Միացեալ Նահանգներու 16-րդ նախագահն էր, որ պաշտօնավարած է 4 մարտ 1861-էն մինչեւ 14 ապրիլ 1865: Ան իշխանութեան եկած է ամերիկեան քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ: Ան տուած է  բարոյական, քաղաքական եւ սահմանադրական մեծ որոշումներ, որոնք հետագային հարթեցին ստրկութեան վերացման ճամբան: Ճոն Պուտ ծրագրած էր սպաննել Լինքըլնը` լսելով անոր ճառը, որ կը պաշտպանէր սեւամորթ ամերիկացիներու ընտրական իրաւունքը: Պուտ կրակած է Լինքըլնի վրայ 14 ապրիլ 1865-ին, երբ նախագահը կը դիտէր ներկայացում մը Ուաշինկթընի Ֆորտի թատրոնին մէջ: Լինքըլնի կինը` Մերի Թոտ, այդ ժամանակ նստած էր անոր կողքին:

 

Մարթին Լուտեր Քինկ Կրտսեր, Միացեալ Նահանգներ

Քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպան Էնտրիւ Եանկ (ձախին) եւ ուրիշներ Լորէյն պանդոկի պատշգամբին մէջ ցոյց կու տան ոճրագործը`  Քինկի սպանութենէն ետք, որ մահացու վիրաւոր պառկած է անոնց ոտքերուն մօտ:

Մարթին Լուտեր Քինկ Կրտսեր ամերիկեան քաղաքացիական իրաւունքներու շարժումին ամէնէն կարեւոր առաջնորդներէն մէկն էր: Ան յայտնի է «Ես երազ մը ունիմ» ելոյթով, 28 օգոստոս 1963-ին Ուաշինկթընի մէջ աշխատանքի եւ ազատութեան համար կազմակերպուած երթի ժամանակ: Այդ նպաստեց քաղաքացիական իրաւունքներու շարժման ամրապնդման եւ յանգեցուց 1964 թուականի «Քաղաքացիական իրաւունքներու մասին» օրէնքի ընդունման: Քինկ սպաննուեցաւ 4 ապրիլ 1968-ին, Թենեսի նահանգին մէջ, Ճէյմս Ռէյի կողմէ: Երբ անոր մահուան մասին լուրը տարածուեցաւ, ամբողջ երկրին մէջ անկարգութիւններ սկսան: Դէպքէն առաջ Քինկ մահուան քանի մը սպառնալիքներ ստացած էր:

 

Ճոն Ֆ. Քենետի, Միացեալ Նահանգներ

«Լայֆ» ամսագրի` 1963 թուականի 29 նոյեմբերի եւ 6 դեկտեմբերի կողքի նկարները, որոնց վրայ պատկերուած են Ճոն Ֆ. Քենետին եւ անոր ընտանիքը:

Ճոն Ֆ. Քենետի Միացեալ Նահանգներու 35-րդ նախագահն էր` 1961-1963: Ան պաշտօնավարած է Պաղ պատերազմի տարիներուն եւ իր պաշտօնավարութեան մեծ մասը նուիրած է երկրին եւ Խորհրդային Միութեան յարաբերութիւններու բնականոնացման: 22 նոյեմբեր 1963-ին Ճոն Ֆ. Քենետին սպաննուած է Տալասի մէջ, երբ ան բացօթեայ ինքնաշարժով կը յառաջանար մեծ ամբոխին առջեւ: Անոր կինը` Ժագլին Քենետին, նստած էր կողքին, երբ փամփուշտը դպաւ նախագահին գլխուն: Գլխաւոր կասկածելին` Լի Հարվի Օսվալտ, հետագային ձերբակալուեցաւ եւ իր կարգին սպաննուեցաւ գիշերային ակումբի սեփականատէր Ճեք Ռուպիի կողմէ, նախքան մեղադրանքի առաջադրումը:

 

Ֆէյսալ թագաւոր, Սէուտական Արաբիա

Ֆէյսալ թագաւորը Սէուտական Արաբիոյ արքան էր 1964-էն մինչեւ 1975 թուականը: Զայն կը յիշեն երկրի տնտեսութիւնը փրկելու համար` բարեփոխումներու եւ արդիականացման քաղաքականութեան միջոցով: Ան յաջողութեամբ պայքարած է իր դէմ կազմակերպուած բազմաթիւ յեղաշրջումներու դէմ: Ֆէյսալին վրայ կրակած է Ֆէյսալ պըն Մուսայիտ  (թագաւորին խորթ եղբօր որդին): Թագաւորը մահացած է ստացած վնասուածքներու բուժումը շարունակած ատեն:

 

Տետան Կիմաթի, Քենիա

Տետան Կիմաթին Մաու Մաու շարժումին առաջնորդն էր, որ 1950-ականներուն կը պայքարէր Քենիոյ մէջ բրիտանական գաղութային կառավարման դէմ: Ան 1953 թուականին ստեղծեց Քենիոյ պաշտպանութեան խորհուրդը` բրիտանական բանտէն փախուստի դիմելէ անմիջապէս ետք: Կիմաթին երկարատեւ ապստամբութենէ ետք, բրիտանական գաղութային ոստիկան Իան Հենտըրսընի կողմէ գերեվարուեցաւ եւ մահապատիժի դատապարտուեցաւ: 18 փետրուար 1957-ին Կիմաթին մահապատիժի ենթարկուեցաւ` կախաղան բարձրացուելով:  Զայն մինչեւ այսօր կը յիշեն քենիացիներու ազատութեան համար պայքարելու իր վճռակամութեան համար:

 

Փաթրիս Լումումպա, Քոնկօ

Փաթրիս Լումումպա  «Քոնկոլայի ազգային շարժում» կուսակցութեան հիմնադիրն էր: Ան դարձաւ Քոնկոյի Հանրապետութեան ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած առաջին վարչապետը: Լումումպան կը պաշտպանէր Քոնկոյի, ինչպէս նաեւ կառավարութեան ափրիկացման իրաւունքը: Երբ նոր երկրին մէջ սկսան քաղաքական անկարգութիւնները, պելճիքական ուժերը ներխուժեցին երկրին մէջ գտնուող պելճիքացի քաղաքացիները պաշտպանելու պատրուակով, բայց իրականութեան մէջ յոյս ունէին առաւելութիւն ստանալ Քոնկոյի անկարգութիւններու ժամանակ: Պելճիքացիներու դէմ պայքարելու նպատակով Լումումպան դիմեց ՄԱԿ-ին եւ Միացեալ Նահանգներուն, Պելճիքայի աջակցութիւնը վայելող ուժերուն յաղթելու համար, սակայն, անոնք երկուքն ալ մերժեցին: Այնուհետեւ ան մեկնեցաւ Խորհրդային Միութիւն, եւ մասամբ անոր պատճառով էր, որ 14 սեպտեմբեր 1960-ին բանակի հրամանատար գնդապետ Ժ. Մոպուտուն պետական յեղաշրջում կազմակերպեց: Երկարատեւ բանտարկութենէն ետք Լումումպան մահապատիժի ենթարկուեցաւ գնդակահարութեան միջոցով, 17 յունուար 1961-ին:

 

Թոմաս Սանկարա, Պուրքինա Ֆասօ

Թոմաս Սանկարան Պուրքինա Ֆասոյի նախագահն էր 1983-էն մինչեւ 1987 թուականը: Ան իշխանութիւնը ստանձնեց 1983 թուականին ժողովրդական յեղաշրջման միջոցով: Սանկարան դէմ էր գաղութատիրութեան եւ նախաձեռնեց տնտեսական ու հասարակական փոփոխութիւններու բազմաթիւ ծրագիրներ: Հակառակ ձեռք բերուած յառաջընթացին` ան սպաննուեցաւ զինուած խումբի կողմէ, իր գործընկեր Պլեզ Կոմպայորէի կազմակերպած պետական յեղաշրջման ժամանակ: Այնուհետեւ Կոմպայորէ չեղեալ յայտարարեց Սանկարայի բազմաթիւ որոշումներ:

 

Մարի Ֆրանսուա Սատի Կառնօ, Ֆրանսա

Մարի-Ֆրանսուա Սատի Կառնօ Ֆրանսայի նախագահն էր 1887 թուականի դեկտեմբերէն մինչեւ 1894 թուականը: Հակառակ անոր որ անոր նախագահութիւնը զուգադիպած է  Ֆրանսայի համար անհանգիստ ժամանակներուն, Կառնոտին յաջողած է պահպանել իր ժողովրդականութիւնը ամբողջ ընթացքին: 24 յունիս 1894-ին Լիոնի մէջ ճառ մը արտասանած ատեն զայն դանակահարած է իտալացի Սանտէ Ճերոնիմօ Կազերիոն: Նախագահը մահացած է 25 յունիս 1894-ին: Այնուհետեւ Կազերիօ ինք մահապատիժի ենթարկուած է:

 

Մահաթմա Կանտի, Հնդկաստան

Մահաթմա Կանտին Հնդկաստանի անկախութեան շարժումին առաջնորդն էր, որ կը պայքարէր բրիտանական գաղութատիրութեան դէմ: 1920 թուականին ան ստանձնեց Քոնկրեսի ղեկավարութիւնը եւ պայքարեցաւ Հնդկաստանի ազատութեան համար: 26 յունուար 1930-ին Հնդկաստանի Ազգային քոնկրեսը յայտարարեց Հնդկաստանի անկախութեան մասին: 30 յունուար 1948-ին երիտասարդ հինտու մոլեռանդ Նաթուրամ Կոտսեն երեք անգամ կրակեց Կանտիի կրծքավանդակին, եւ Մահաթմա Կանտին կարճ ժամանակ ետք մահացաւ: Կրակոցը տեղի ունեցած է Նիւ Տելհիի մէջ աղօթքի արարողութեան ժամանակ:

 

Ալտօ Մորօ, Իտալիա

Ալտօ Մորօ իտալացի քաղաքական գործիչ էր եւ երկրի 38-րդ վարչապետը` 1963-1968 թուականներուն եւ կրկին 1974-1976 թուականներուն: Ձախակողմեան զինեալ խումբ մը առեւանգեց Մորոն եւ երկու ամիս պատանդ պահեց` յոյս ունենալով, որ կը յանձնէին Մորոն, եթէ իրենց գերեվարուած ընկերները ազատ արձակուէին անոր դիմաց: Իտալիոյ կառավարութիւնը մերժեց անոնց  պահանջները: Մորոն սպաննեցին անոր վրայ տասը անգամ կրակելով, 9 մայիս 1978-ին:

 

Պատրաստեց՝ Նարէ Գալեմքէրեան
«Ազդակ»