Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ մեր արտօնութեամբ վերահրատարակուեցաւ Երանաշնորհ Մաղաքիա Օրմանեան Պատրիարքի նշանաւոր The Church of Armenia կոթողային գործը, մեկենասութեամբ Առաջնորդարանի բարերարներ Մեծայարգ Տէր եւ Տիկին Պետրոս եւ Աննա Օրուչաքչիէլներու։
Սոյն աշխատութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ մասին անգլերէն լեզուով հրատարակուած ամենահիմնաւոր եւ հեղինակաւոր ուսումնասիրութիւններէն մէկն է, որ ամբողջական կերպով կը ներկայացնէ մեր Եկեղեցւոյ ինքնութիւնը, առաքելութիւնը եւ դարաւոր հոգեւոր ժառանգութիւնը։ Ան կը համադրէ պատմութիւնը, աստուածաբանութիւնը, կանոնական կարգը եւ եկեղեցական կեանքը՝ մնալով մինչեւ այսօր վստահելի եւ անփոխարինելի աղբիւր։
Գիրքը կը լուսաբանէ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելական ծագումը, հայ ժողովուրդի քրիստոնէացումը եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ կը ներկայացնէ մեր Եկեղեցւոյ դաւանաբանական ինքնութիւնը, եկեղեցական կառոյցը եւ ծիսական հարուստ աւանդութիւնը։ Միաժամանակ կը շեշտէ Հայ Եկեղեցւոյ պատմական դերակատարութիւնը՝ իբրեւ ազգային ինքնութեան, լեզուի, մշակոյթի եւ հոգեւոր կեանքի ամուր սիւն։
Վերահրատարակութեան նպատակն է այս կոթողային գործը նորովի մատչելի դարձնել, յատկապէս անգլիախօս միջավայրի մէջ ապրող մեր երիտասարդութեան, ուսանողութեան, հոգեւորականութեան եւ գիտական շրջանակներուն համար՝ որպէս ուղեցոյց եւ վստահելի տեղեկատու աղբիւր։
Մեր սպասումն է, որ առաւելագոյնս տարածենք այս կարեւոր գիրքը, որպէսզի թէ՛ մեր զաւակները եւ թէ ամերիկացի մեր եղբայրներն ու քոյրերը մօտեն ծանօթանան մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ պատմութեան եւ դաւանանքին։

Օրհնութեամբ՝
Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Առաջնորդ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի