image

Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան պատուեց Հալէպ գտնուող եւ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող Հայաստանցի բժիշկները

Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան պատուեց  Հալէպ գտնուող  եւ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող  Հայաստանցի բժիշկները

Գնահատելով   Հալէպ գտնուող  եւ  ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան մաս կազմող  բժիշկներուն գործունէութիւնը  Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան յատուկ հաւաքի մը ընթացքին  մեծարած է առաքելութեան մաս կազմող բժիշկները։

 Այս մասին   «Արեւելք»ին     յայտնեցին Հալէպէն։

 

   Նշենք, որ  գնահատանքի երեկոն եղած է 29 Օգոստոս 2020-ին, Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ «Շիրաճեան» սրահէն ներս , ուր Վերապատուելի Համայնքապետը «Սպիտակ Բանակ»  անուանած է   առաքելութեան մաս կազմողները եւ շնորհակալութիւն յայտնած ՀՀ Մարդասիրական խումբին իրենց առաքելութեան եւ փոխգործակցութեան համար, մաղթելով նորանոր ծրագիրներու լաւատես բարեմաղթութիւն։

Աւարտին, Վերապատուելին գնահատագիրներով պատուեց բոլորին, իսկ տեղացի բժիշկներուն նիւթական նուէրներ տրամադրած։

Սոյն հանդիպումին իրենց ներկայութիւնը բերած էին նաեւ Հալէպի Առողջապահութեան տնօրէնն ու ՀՀ Մարդասիրական խումբի ներկայացուցիչ Արկատի Տօնոյեանը։ Տոնոյեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած երկուստեք տարուող փոխգործակցութեան առնչութեամբ, մաղթելով առաւել բարգաւաճ օրեր։