Իրանը պիտի չյանձնուի՝ հակառակ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի պնդումներուն, եւ բանակցութիւններ պիտի չվարէ՝ ճնշման ներքոյ։ Այս մասին «ԹԱՍՍ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Գահիրէի մէջ Իրանի դեսպան Մոժթապա Ֆերտուսի Փուրը։
«Մենք պիտի չարտօնենք, որ Միացեալ Նահանգները մեզի հետ խօսի ուժի դիրքերէ։ Իրանը երբեք չի յանձնուիր եւ բանակցութիւններ չի վարեր ճնշման եւ նոր յարձակումներու սպառնալիքներու ներքոյ»,– ընդգծած է դիւանագէտը։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ The Wall Street Journal թերթին աղբիւրները յայտնած էին, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը իր օգնականներուն յանձնարարած է մշակել Իրանի երկարատեւ շրջափակման ծրագիր։