«Արեւելք», (Լիբանանեան աղբիւրներ) Ընդամէնը մէկ ժամուան մէջ Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութը յայտնուեցաւ քաոսայի վիճակի մը մէջ։
Հարիւրաւոր զոհեր եւ վիրաւորներ, ճանապարհային խճողումներ եւ խուճապ, իսկ միւս կողմէ Քաղաքացիական Անվտանգութեան եւ «Կարմիր Խաչ»ի ինքնաշարժներու երթեւեկ, օգնութեան փորձեր եւ գերխճողուած հիւանդանոցներ։
Պէյրութը այսօր քաոսի կիզակէտին էր, եւ ըստ նախնական տուեալներու զոհերու թիւը անցած է 300-ը, իսկ վիրաւորներունը հասած է` 800-ի։
Դրամատիկ զարգացում մը, որ կը ցոլացնէ Իսրայէլի կողմէ թիրախներու ցանկի աննախադէպ ընդլայնումը, արձանագրուեցաւ Լիբանանի մէջ։ Հերթական եւ յաջորդական օդային հարուածներ թիրախ դարձուցին Պէյրութի վարչական կեդրոնի հիմնական թաղամասերը՝ «Պասթա», «Պարպուր», «Նուէյրի» եւ «Սալիմ Սալամ», որոնք յայտնի են իրենց խիտ բնակչութեամբ եւ աշխոյժ առեւտրական կեանքով։ Այս զարգացումը լայնածաւալ խուճապ յառաջացուց քաղաքացիական բնակչութեան մօտ։
Հարուածներու ալիքը չսահմանափակուեցաւ մայրաքաղաքով, այլ միաժամանակ տարածուեցաւ Լեռնալիբանանի գօտիին վրայ։ Ծանր ռմբակոծումներ արձանագրուեցան «Պշամուն», «Շուէյֆաթ», «Սուք էլ-Ղարբ», «Քէյֆուն» եւ «Արամուն» բնակավայրերուն մէջ։
Այս համաժամանակեայ թիրախաւորումը կը մատնանշէ աստիճանական սրացման նոր փուլ մը, որով իսրայէլեան բանակը կը փորձէ ոչ միայն ռազմական, այլեւ հոգեբանական օղակով շրջապատել մայրաքաղաքը եւ պարտադրել նոր դաշտային իրողութիւններ, որոնք կը գերազանցեն նախորդ «կարմիր գիծեր»ը։
Դաշտային տուեալները կը վկայեն, թէ հարուածները կատարուած են շատ կարճ ժամանակամիջոցով, մարտական օդանաւերու խիտ թռիչքներու ներքոյ, ինչ որ խափանեց շրջաններու միջեւ հաղորդակցութիւնը՝ խուճապի եւ ներքին տեղաշարժերու հետեւանքով։ Նշուած ալիքը կը շարունակէ նախորդ օրերու հարուածները, որոնք արդէն թիրախ դարձուցած էին «Արամուն»ն ու «Պշամուն»ը, սակայն ներկայիս գործողութիւնները աւելի ընդգրկուն եւ համարձակ բնոյթ ստացած են՝ բազմակի եւ կեդրոնացած ներթափանցումով Պէյրութի ներքին թաղամասեր։
Միեւնոյն ժամանակ, իսրայէլեան օդային հարուածներ թիրախ դարձուցին նաեւ Պէքայի շրջանը՝ ընդգրկելով «Քարաք»ի մօտակայքը, «Շմսթար», «Հըրմել», ինչպէս նաեւ Պաալպեքի շրջակայքն ու «Պուդայ» գիւղը։
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ իրականացուցած է Լիբանանի մէջ գործողութեան սկիզբէն ի վեր ամէնէն ուժգին յարձակումը՝ 10 վայրկեանի ընթացքին թիրախաւորելով աւելի քան 100 կէտ։
Իսրայէլացի պատասխանատուներ պնդեցին, թէ լայնածաւալ հարուածը ուղղուած էր «Հըզպալլա»ի ռազմական կեդրոններուն եւ ենթակառուցուածքներուն դէմ՝ Պէյրութի, Պէքայի եւ Հարաւային Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ։ Ըստ յայտարարութեան՝ գործողութիւնը շաբաթներ շարունակ մանրամասն ծրագրաւորուած էր՝ գործողութիւններու բաժնի, հետախուզութեան, օդուժին եւ հիւսիսային հրամանատարութեան կողմէ, նպատակ ունենալով խորացնել կազմակերպութեան դէմ իրականացուող հարուածները։
Իսրայէլ նաեւ յայտարարեց, թէ Լիբանանի պետութիւնն ու քաղաքացիները պէտք է ընդդիմանան քաղաքացիական գօտիներու մէջ «Հըզպալլա»ի տեղակայման փորձերուն՝ ընդգծելով, որ պիտի շարունակէ վճռական կերպով գործել կազմակերպութեան դէմ եւ պիտի չարտօնէ, որ իսրայէլացի քաղաքացիներու անվտանգութեանը վնաս հասցուի։