Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտնած են, որ Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի գլխաւորած պատուիրակութիւնն այցելած է Երեւան։
Նշուած է, որ Շահին Մուսթաֆաեւի գլխաւորած պատուիրակութիւնը տեղափոխած օդանաւն արդէն վայրէջք կատարած է Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայան։
ՀՀ ԱԳՆ-էն հաստատած են, որ Հայաստան ժամանած է Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը՝ փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի գլխաւորութեամբ՝ աւելցնելով, որ պիտի տրուի լրացուցիչ մամուլի հաղորդագրութիւն: