image

Հալէպ. Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առթիւ աշակերտական ոգեկոչում

Հալէպ. Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առթիւ աշակերտական ոգեկոչում

Վերապատուելին խրախուսեց աշակերտները՝ միշտ պահելու իրենց հայու հոգին, ազգային արժէքներն ու աւանդները։ Ան նաեւ գնահատեց աշակերտները, տնօրէնութիւնը ու ուսուցչական կազմը՝ անոնց ունեցած ներդրումին համար սոյն նախաձեռնութեան։

 

Հալէպի Հայ  Աւետարանական Բեթել եկեղեցւոյ  պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝

Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2026-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն ներկայութեամբ, Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին նուիրուած աշակերտական ոգեկոչում։

 

Վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Լուսին Ապաճեան-Չիլաբոշեան, որ բացման խօսքին մէջ շեշտեց համախմբումի նպատակը՝ ընդգծելով կարեւորութիւնը մեր ազգային ինքնութիւնը պահպանելու եւ մեր պատմութիւնը սերունդներուն փոխանցելու համար։ 

Նախաձեռնութեան աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին ասմունքներով, երաժշտական կատարումներով, մեներգերով ու աշակերտական երգչախումբի ելույթով։ 

 

Հուսկ օրուան պատգամը փոխանցեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, որ իր խօսքին մէջ յիշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մեզ համար ոչ միայն յիշեցում մըն է, պատմական էջ մըն է, այլեւ պարտականութիւն՝ մեր ինքնութիւնը պահպանելու ու գործնականօրէն արտայայտելու։ Վերապատուելին խրախուսեց աշակերտները՝ միշտ պահելու իրենց հայու հոգին, ազգային արժէքներն ու աւանդները։

 

Վերապատուելին նաեւ գնահատեց աշակերտները, տնօրէնութիւնը ու ուսուցչական կազմը՝ անոնց ունեցած ներդրումին համար սոյն նախաձեռնութեան։