image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Սփիւռքը ոեւէ մէկուն սեփականութիւնը չէ

Խմբագրական «Մասիս»ի. Սփիւռքը ոեւէ մէկուն սեփականութիւնը չէ

Հայ եկեղեցւոյ ներկայիս դիմագրաւած խոր տագնապը կը շարունակէ խռովեցնել Հայութեան միտքն ու հոգին միշտ յուսալով, որ Մայր Աթոռի գահին նստած Կաթողիկոսը իր մէջ կը գտնէ քաջութիւն` ընդառաջելու Եկեղեցւոյ բարենորոգման կոչերուն« որպէսզի ազգովին դուրս գանք այս տխուր ու անբաղձալի վիճակէն:

Վերջերս բարձրացան ձայներ, որոնք ներկայ տագնապին ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ’ուզեն դնել Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն վրայ` անտեսելով տագնապին բուն պատճառները, որոնք երբեք պարապութեան մէջ ծնունդ չառին: Այդ տեսակէտը պաշտպանող խումբ մը հանրածանօթ սփիւռքահայեր, որոնց շարքին Նուպար Աֆէեան, Վաչէ Մանուկեան, Պերճ Սեդրակեան եւ մի քան ուրիշներ, հանդէս եկած են բաց-նամակով, յայտարարելու համար, որ «անհատի, կառավարութեան կամ որեւէ արտաքին մարմինի կողմէ ցանկացած յարձակում եւ միջամտութիւն, եկեղեցւոյ կառավարման կամ գործունէութեան նկատմամբ ուղղակի ազդեցութիւն ունի աշխարհասփիւռ հայերու վրայ՚: Անոնք կը յաւակնին խօսելու ամբողջ սփիւռքի անունով, չունենալով ոչ մէկ լիազօրութիւն այդ ուղղութեամբ: Ոչ միայն անոնք, այլ ոչ մէկ անհատ, կառոյց կամ քաղաքական կազմակերպութիւն իրաւունք չունի խօսելու ամբողջ սփիւռքի անունով: Սփիւռքը միշտ եղած է ու կը շարունակէ մնալ բազմաշերտ ու բազմակարծիք հաւաքականութիւն մը, որուն կը միաւորէ ազգային պատկանելութիւնն ու Հայրենիքի գոյութիւնը:

Նամակը ստորագրողները մէկ քայլ առաջ երթալով կը պահանջեն սփիւռքահայութենէն, դիմելու իրենց ապրած երկիրներու կառավարութիւններուն` միջոցներ ձեռք առնելու  իրենց «կրօնական իրաւունքները պաշտպանելու» համար: Նման անհեթեթութիւն անսպասելի էր կեանք մէջ բաւական մեծ յաջողութիւններու հասած Հայ անհատներուն կողմէ, որոնք աւելի լաւ պէտք էր հասկնային իրենց արտայայտած իւրաքանչիւր արտայայտութեան իմաստը, որ այս պարագային  կը հասնի անպատասխանատուութեան գագաթնակէտին:

«Կառավարութիւնը կը պահանջէ Եկեղեցւոյ առաջնորդին հեռացումը, հակառակ անոր օրինաւոր ընտրութեան» կը գրեն բաց-նամակի հեղինակները, անտեսելով այն իրողութիւնը, որ այս տագնապը ծայր առաւ, երբ ի’նքը` եկեղեցւոյ առաջնորդը  սկսաւ պահանջել  կառավարութեան առաջնորդի հրաժարականը, հակառակ անոր, որ ան օրինաւոր կերպով ընտրուած էր ժողովուրդի մեծամասնութեան ձայներով:

Այս նոյն ազգայինները  լուռ էին, երբ եպիսկոպոսներ բոցաշունչ ելոյթներ կ’ունենային ընդդիմադրութեան հանրահաւաքներու ընթացքին, երբ եկեղեցւոյ սպասաւորներուն կը պարտադրուէր ընտանիքի անդամներով մասնակցելու ցոյցերու, երբ արքեպիսկոպոս ու թեմակալ առաջնորդ մը կը դառնար իշխանափոխութեան ջահակիրը ու կ’առաջնորդէր «սրբազան պայքար» պետութեան դէմ, իսկ մէկ ուրիշ արքեպիսկոպոս ռազմական յեղաշրջման կոչերով հանդէս կու գար: Այդ ժամանակ շատեր, որոնց շարքին առաջինը` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը զգուշացուցին, որ Մայր Աթոռի գահակալի միջամտութիւնը երկրի քաղաքական կեանքին ու կողմնակալ պահուածքը յղի էր անկանխատեսելի հետեւանքներով: Եթէ այսօր բարձրաստիճան եկեղեցականներ կը գտնուին բանտերու մէջ, ատոր ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ’իյնայ Եկեղեցւոյ գահակալի ուսերուն:

Նամակի հեղինակները կ’անտեսեն մէկ կարեւոր իրողութիւն մը եւս: Ներկայիս Եկեղեցին տագնապի մէջ է ոչ միայն վարչապետ-կաթողիկոս հակամարտութեան պատճառաւ, այլ եւ խումբ մը բարձրաստիճան հոգեւորականներու կողմէ Եկեղեցւոյ բարենորոգման ու բարեկարգման նպատակով ներկայացուած պահանջները  Մայր Աթոռի գահակալին կողմէ անտեսումի արժանանալուն ու առնուած կամայական որոշումներուն պատճառաւ:

Նամակի հեղինակները կ’ուզեն տարածել այն միտքը, որ «Եկեղեցւոյ դէմ արշաւին» պատճառաւ յառաջացած է խզում հաւաքական սփիւռքի եւ Հայաստանի պետութեան միջեւ: Այս կարծիքը շատ հեռու է իրականութենէն, իսկ յարգելի ազգայինները պէտք չէ ունենան ամբողջ սփիւռքահայութիւնը ներկայացնելու յաւակնութիւնը ու յաջորդ անգամ փորձեն ցուցաբերել աւելի հաւասարակշռուած մօտեցում` հեռու մնալով ամէն գնով Կաթողիկոսը պաշտպանելու գայթակղութենէն:

 

Գրիգոր Խոտանեան
«Մասիս»

02/19/2026