ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ակնյայտօրէն սադրիչ եւ լարուածութիւն հրահրող վարքագիծ կը համարէ Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցի նախօրեակին`ապրիլ 23-ին, Երեւանի մէջ ՀՅԴ-ի կազմակերպած ջահերով երթի մասնակիցներու կողմէ Թուրքիոյ դրօշի այրումը։
Այս մասին «Արմէնփրէս»-ի հարցին ի պատասխան նշած է վարչապետի մամուլի քարտուղար Նազելի Բաղդասարեանը։
«Վարչապետ Փաշինեանը դատապարտում է նման գործելակերպը՝ այն գնահատելով որպէս անպատասխանատու եւ անթոյլատրելի։ Միջազգայնօրէն ճանաչուած պետութեան, յատկապէս հարեւան երկրի դրօշի այրումը պետութեան ղեկավարի կողմից չի կարող այլ գնահատականի արժանանալ։ Սա ակնյայտօրէն սադրիչ եւ լարուածութիւն հրահրող վարքագիծ է»,-նշած է ան։