image

Ամալ Խալիլ. Խիզախ լրագրողուհիի սպանութիւնը՝ Լիբանանի Հարաւին մէջ

Ամալ Խալիլ.  Խիզախ լրագրողուհիի սպանութիւնը՝ Լիբանանի Հարաւին մէջ

Իսրայէլեան հարուածներու հետեւանքով զոհուած է լիբանանցի խիզախ լրագրող՝ Ամալ Խալիլը 

Սագօ Արեան  լրագրողի էջ-էն կը  կարդանք՝

Լիբանանցի լրագրողները կը շարունակեն խիզախել… Պետութեան մը չափ գործ կընեն անոնք, յաճախ նահատակուելու գնով…

Իսրայէլեան հարուածներէն զոհուած է լիբանանցի խիզախ լրագրող՝ Ամալ Խալիլը

Լիբանանցի լրագրող Ամալ Խալիլի մարմինը յայտնաբերուած է իսրայէլեան օդային հարուածէն աւերուած տան փլատակներուն տակ, կը հաղորդէ Reuters-ը՝ յղում կատարելով լիբանանցի բարձրաստիճան զինուորականի։ 

Խալիլի մահը հաստատած է նաեւ Լիբանանի Ազգային լրատուական գործակալութիւնը։

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ Իսրայէլը «հետապնդած է» լրագրողներ Ամալ Խալիլն ու Զէյնապ Ֆարաճը՝ հարուած հասցնելով այն շէնքին, ուր անոնք պատսպարուած էին առաջին հարուածէն ետք։ Իսրայէլեան բանակը հերքած է լրագրողներուն դիտաւորեալ կերպով թիրախաւորելու մեղադրանքները։

Լիբանանի մամուլի ակումբը իր ցաւակցութիւնը յայտնած է՝ շեշտելով, որ Խալիլը իր կեանքով վճարեց այն գործին համար, որուն կը հաւատար, եւ հարուածը որակած է որպէս «լրագրողներու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու դէմ Իսրայէլի կանխամտածուած արշաւի» մէկ մասը։