Ինչպէս կը հաղորդէ «Ակօս»-ը, Փայլանի ներկայացուցած օրինագիծի հիմնաւորման մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ, որ հայ ժողովուրդի ապրած Մեծ եղեռնը կոչուի իրական անունով: «Մեծ յանցագործութիւնը պէտք է ճանչցուի Թուրքիոյ խորհրդարանի կողմէ, եւ Հայոց ցեղասպանութենէն տուժածները 106 տարի անց պէտք է հասնին արդարութեան»,-նշուած է նախագիծին մէջ:
Փայլան ապրիլ 24-ին ուղերձ յղած էր, որուն մէջ նշած էր, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով արդարութեան հասնիլ հնարաւոր է միայն Թուրքիոյ մէջ: «Հայոց ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած է այս հողերուն վրայ, եւ ցեղասպանութեան հարցով արդարութիւնը հնարաւոր է միայն այս հողերուն վրայ: Եթէ Թուրքիան առերեսուի Հայոց ցեղասպանութեան հետ, այլեւս կարեւոր չըլլար, թէ ինչ կ'ըսեն միւս պետութիւններու խորհրդարանները: 106 տարի է՝ կը ժխտուի Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ այդ պատճառով այլ երկիրներու խորհրդարաններու քննարկման առարկայ կը շարունակէ մնալ»,-նշած էր Փայլան: