image

Թրամփ օգնականներուն յանձնարարած է պատրաստուիլ Իրանի երկարատեւ շրջափակման. WSJ

Թրամփ օգնականներուն յանձնարարած է պատրաստուիլ Իրանի երկարատեւ շրջափակման. WSJ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր օգնականներուն յանձնարարած է պատրաստել Իրանի տեւական շրջափակման ծրագիր։ Այս մասին կը հաղորդէ The Wall Street Journal թերթը։

Ըստ անոնց տեղեկութիւններուն՝ վերջին շրջանին Սպիտակ տան ղեկավարը արտայայտուած է ի նպաստ Իրանի տնտեսութեան վրայ ճնշում գործադրելուն՝ թոյլ չտալով նաւերու, ներառեալ՝ նաւթատար նաւերու, ելքը Իրանի նաւահանգիստներէն։ Ամերիկեան վարչակազմի ղեկավարին կարծիքով՝ միւս տարբերակները՝ ռմբակոծութիւններու վերսկսումը կամ հակամարտութենէն դուրս գալը, Ուաշինկթընի համար աւելի մեծ վտանգներ կը պարունակեն, քան շրջափակման շարունակումը։

Ինչպէս նշած է հրատարակութիւնը, Թրամփ հակասական խորհուրդներ կը ստանայ Իրանի նկատմամբ հետագայ գործողութիւններու վերաբերեալ։ Որոշ պաշտօնեաներ բացայայտօրէն կոչ կ՚ընեն Սպիտակ տան՝ ուժեղացնելու ճնշումը Թեհրանի վրայ, սակայն կան նաեւ այնպիսիք, որոնք մտահոգութիւն կը յայտնեն, որ Հորմուզի նեղուցը փակ պահելը կամ ռազմական գործողութիւններու շարունակումը պիտի վնասէ ամերիկեան տնտեսութեան եւ կրնայ չափազանց բացասաբար անդրադառնալ Հանրապետական կուսակցութեան համար Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ։