image

ՀՅԴ-ի Երիտասարդականը մասնակցեցաւ Պոլսոյ մէջ գումարուած IUSY-ի համագումարին

ՀՅԴ-ի Երիտասարդականը մասնակցեցաւ Պոլսոյ մէջ գումարուած IUSY-ի համագումարին

Մարտ 26-29ին, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային միութեան (ԸԵՄՄ, IUSY) համագումարը։ Համագումարը կազմակերպութեան բարձրագոյն ժողովն է, որ կը կայացնէ կարեւորագոյն որոշումներ, կ՛ընտրէ նոր քաղաքական ղեկավարութիւն եւ իր իրաւասութեան շրջանակներուն մէջ կ՛որոշէ կազմակերպութեան յառաջիկայ քաղաքականութիւնը եւ դիրքորոշումները՝ բանաձեւերու եւ քաղաքական փաստաթուղթերու ընդունման միջոցով։ Համագումարը հիւրընկալուած էր Թուրքիոյ Հանրապետական Ժողովրդական կուսակցութեան երիտասարդականին կողմէ։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդականը մասնակցեցաւ համագումարին հետեւեալ պատուիրակութեամբ՝ Սիւնէ Գէորգեան (Հայաստան), Տաթեւ Տէր Մարտիրոսեան (Հայաստան) և Քրիստ Բրուտեան (Ֆրանսա)։ Համագումարի ընթացքին պատուիրակութիւնը բարձրաձայնեց շարք մը առանցքային հարցեր, ինչպէս՝ Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքը, Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակումը, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան հետընթացը եւ ընդդիմադիր ուժերու հետապնդումները, ներառեալ՝ ՀՅԴ ՀԵՄի անդամներուն եւ ՀՅԴի ներկայացուցիչներուն։

Պատուիրակութիւնը նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպայի, Հարաւային Ամերիկայի, Մերձաւոր Արեւելքի, Ափրիկէի եւ Ասիոյ տարբեր երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Նպատակ ունենալով թիրախ դարձնել Հանրապետական Ժողովրդական կուսակցութիւնը, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ մեծագոյն ընդդիմադիր ուժն է, Թուրքիոյ կառավարութեան ճնշումներուն հետեւանքով՝ ոստիկանութիւնը ներխուժեց համագումարի վայրը եւ կասեցուց քաղաքական քննարկումները։ Հետեւաբար,  համագումարը ընդհատուեցաւ եւ բոլոր բանաձեւերու ընդունումը յետաձգուեցաւ։ Տեղի ունեցան միայն ընտրութիւնները, որոնցմէ յետոյ համագումարը փակուեցաւ՝ առանց որեւէ բանաձեւի ընդունման կամ բովանդակային քաղաքական քննարկումի։

IUSY-ին միջազգային երիտասարդական մեծագոյն կազմակերպութիւնն է, որ կը միաւորէ աւելի քան 150 ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրավարական եւ աշխատաւորական  երիտասարդական կազմակերպութիւններ՝ աւելի քան 110 երկիրներէ։