Երկու երկիրներու պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական զօրախումբի խաղաղապահ առաքելութեան ընթացքը, ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ սկիզբ առած լայնածաւալ բարեփոխումներու հիմնական ուղղութիւնները, ինչպէս նաեւ հայ-ռուսական միացեալ զօրախումբի համատեղ գործողութիւններն ու առաջիկայ ծրագրերը։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներու։