Լիբանանահայ տնտեսագէտ, Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան նախկին փոխ կառավարիչ Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան հարցազրոյց տուած է «Էլ Նաշրա» կայքին։
Լիբանանահայ յայտնի տնտեսագէտ Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեանի կարծիքով լիբանանեան թղթոսկին կը գտնուի կայուն եւ անվտանգ վիճակի մը մէջ։ Պուլտուքեան այս մասին խօսած է «Էլ Նաշրա» լրատուական կայքին՝ նշելով նաեւ, որ հակառակ Լիբանանի մէջ առկայ տնտեսական բարդ իրավիճակին լիբանանեան թղթոսկին կը շարունակէ մնալ կայուն եւ վստահելի արժէթուղթ մը։
Ան այս առումով դրուատիքով խօսած է Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան ներկայիս կառավարիչ Ռիատ Սալամէի մասին ըսելով, որ շնորհիւ անոր 25 տարուան անդուլ եւ արհեստավարժ գործունէութեան լիբանանեան լիրան կը շարունակէ պահել իր կայունութիւնը։
Պուլտուքեան պատասխանելով «Էլ Նաշրա»ի լրագրողի լիբանանեան դրամատաուներու կողմէ թղթոսկիին դիմաց տրուած տոկոսներու արժէգինի յարաճուն մագլցումի մասին հարցումին, պատասխանած է, որ տոկոսներու աճը կապ ունի երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող տնտեսական սառած վիճակին ու այդ պատճառով դրամատուներու, ինչպէս նաեւ երկրի Կեդրոնական Դրամատան կողմէ գործի դրուած յատուկ կարգադրութիւններուն հետ եւ այդ մէկը չպէտք է շփոթ կամ մտավախութիւն պատճառէ լիբանանցիներուն համար։
Պուլտուքեան տոկոսներու բարձրացման մասին խօսելով օրինակ բերած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կիրառուած տոկոսներու բարձրացման պարագան, երբ յատկապէս 1978-1982 ինկած ժամանակաշրջանին Ամերիկայի Federal Reserve դրամատան ղեկավար Փօլ Ֆոլքըրի կարգադրութեամբ Ամերիկեան դրամատուներ տոկոսները 18 առ հարիւրէն բարձրացուցած են մինչեւ 22 առ հարիւր։ Պուլտուքեան այս առումով նաեւ նշած է, որ աւելի ուշ 1985 թուականին Ֆրանսայի մէջ եւս բարձր տոկոսադրոյքի քաղաքականութիւն մը իրականացուած է եւ տոկոսները բարձրացած են հասնելով 150 առ հարիւրի վստահեցնելով, որ ինչպէս տարբեր երկիրներու, այնպէս ալ Լիբանանի մէջ այս օրերուն գրանցուած բարձր տոկոսի քաղաքականութիւնը պէտք չէ ընկալուի, որպէս մտահոգիչ երեւոյթ եւ այն կապ ունի երկրին մէջ տիրող տնտեսական տագնապին հետ, նպատակ ունենալով վերահսկողութեան տակ պահել երկրի դրամական արժոյթը։