Պայմանաւորուած Լիբանանի մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակով եւ նպատակ ունենալով օգնութեան հասնիլ լիբանանցի ժողովուրդին, տարբեր ոլորտներու մէջ յաջողութեան հասած մարզիկներ սկսած են հանդէս գալ յատուկ նախաձեռնութիւններով։ Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկած է լեռնագնաց՝ Աւետիս Գալփաքլեան, որ իր գործընկերոջ՝ Լինտոս Տաուին հետ իրագործած է Together LiBeirut ծրագիրը։ Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Աւետիսի Դիմատետրէն, ուր ան մասնաւորապէս գրած է,-
«Sea to Summit Challenge-ը նուաճուած է:
Մենք կարողացանք իրար կապել Միջերկրական ծովի ափը (Քոպաա 0 մեթր) եւ հասնիլ Լիբանանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի ամենաբարձր գագաթը տանող արահետը (Քըրնէթ Ալ-Սաուտա 3088 մեթր): Եղածը աննախադէպ իրադարձութիւն էր, որովհետեւ այս առաջին առանց կանգնելու քայլարշաւն էր ծովէն դէպի Լիբանանի բարձրագոյն գագաթ»:
Աւելի վաղ 11 յունիսին, լեռնագնաց Աւետիս Գալփաքլեան իր Դիմատետրին մէջ գրառում կատարած էր, որ մասնակցելով «Together LiBeirut» նախաձեռնութեան, ընկերոջ՝ Լինտոս Տաուին հետ միասին պիտի իրականացնէ մարտահրաւէր մը՝ կտրել ծովէն դէպի Լիբանանի ամենաբարձր կատարը տանող 70 քիլոմեթրի հասնող արահետը, 19.8 ժամուայ մէջ:
Ի դէպ, «Together LiBeirut» նախաձեռնութիւնը մարզական մարտահրաւէրներու կոչ մըն էր, որուն նպատակն էր օժանդակել Պէյրութին: Մարտահրաւէրը պէտք է կայանար 11-13 յունիսի միջոցին, եւ կապուած ըլլար 19,8 թիւին հետ, որ Պէյրութ մայրաքաղաքի տարածութիւնն է: