image

Մոնթրէալի հայ համայնքը կը սգայ պատանի Լենիա Եաղըճեանի անժամանակ մահը

Մոնթրէալի հայ համայնքը կը սգայ պատանի Լենիա Եաղըճեանի անժամանակ մահը

Մոնթրէալի հայ համայնքը խոր վիշտով կը սգայ համայնքի սիրելի զաւակներէն՝ «Սուրբ Յակոբ» դպրոցի 6-րդ դասարանի աշակերտուհի Լենիա Եաղըճեանի ողբերգական մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 28 Յունիս 2026-ին։

Լենիան մնայուն ներկայութիւն էր Մոնթրէալի հայ գաղութի կեանքին մէջ։ Ան իր մասնակցութիւնը կը բերէր պարախումբին, պատանեկան միութեան, ՀՄԸՄ-ին, եկեղեցւոյ «Նոր Ծաղիկ» դպրաց դասին, դպրոցի ձեռնարկներուն եւ համայնքային բազմաթիւ այլ նախաձեռնութիւններու։

Լենիան ճանչցուած էր իբրեւ կենսախինդ, ժպտերես եւ փայլուն աղջնակ մը, որ իր ազնիւ էութեամբ, սիրալիր ներկայութեամբ եւ աշխոյժ մասնակցութեամբ սիրուած էր դպրոցի, Հայ Կեդրոնի եւ համայնքային շրջանակներուն մէջ։ Բոլոր անոնք, որոնք զինք ճանչցած էին, այսօր կը յիշեն անոր ժպիտը եւ բարի հետքը, զոր ան ձգեց իրենց սրտերուն մէջ։

Ընդամէնը երկու շաբաթ առաջ 6-րդ դասարանը աւարտած Լենիան իր կարճ, բայց լուսաւոր ներկայութեամբ օրինակ դարձած էր իր տարեկիցներուն համար։ Անոր մահը ծանր կորուստ է ոչ միայն ընտանիքին եւ հարազատներուն, այլեւ Մոնթրէալի ամբողջ հայ համայնքին համար։

Այս ծանր կորուստի եւ սուգի պահուն, համայնքի անդամները, ընտանիքի հարազատները, բարեկամներն ու ընկերները մէկտեղելու, ինչպէս նաեւ պատանի Լենիայի յիշատակը յարգելու նպատակով, Երկուշաբթի, 29 Յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 18։00-էն սկսեալ, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ հաւաք-հսկում։

Խորազգած ցաւակցութիւններ կը յայտնուին Լենիայի ընտանիքին, հարազատներուն, ընկերներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը սգան այս անչափ ծանր կորուստը։

Թող Աստուած լուսաւորէ Լենիա Եաղըճեանի հոգին եւ անոր ընտանիքին ու սիրելիներուն պարգեւէ համբերութիւն, ուժ եւ մխիթարութիւն։